Այլեւայլ : ​Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : ​Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

07 Haziran 2018  

​Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին




Մինչեւ 65 տարեկան շատեր կը բախին տեսողական խնդիրներու, մինչեւ իսկ` կուրութիւն պատճառող հիւանդութիւններու. այդ հիւանդութիւններէն յիշենք` մաքիւլար տեճեներէյշընը, կլոքոմիան, քաթարաքթը եւ այլն… Տրուած ըլլալով, որ այս հիւանդութիւնները ցաւեր չեն պատճառեր եւ յաճախ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կը մնան, մարդիկ երկար ժամանակ ակնաբուժին չեն դիմեր: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ հիւանդութիւններէն… Ահաւասիկ 5 օգտակար խորհուրդ` Ամերիքըն Աքատեմի աֆ Օֆթալմոլոճի հիմնարկի մասնագէտներուն կողմէ:

Աչքի ամբողջական քննութիւն անցուցէք 40 տարեկանէն սկսեալ:
Հիւանդութիւններու կամ տեսողութեան փոփոխութիւններու ախտանշանները այդ տարիքին կը դրսեւորուին: Այդ պատճառով ալ ակնաբուժին այցելելը զանոնք ժամանակին յայտնաբերելու միակ հնարաւորութիւնն է:


Պարզեցէք ժառանգականութեան տուեալները.
Աչքերու որոշ հիւանդութիւններ ժառանգական են: Վերը յիշուած աչքի հիւանդութիւնները սերտօրէն կապուած են ժառանգականութեան հետ: Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ պարզեցէք այս հարցերը եւ զանոնք փոխանցեցէք ձեր ակնաբուժին:

Առո՛ղջ ապրեցէք:
Մեր մարմինը, նոյնքան ալ մեր աչքերը առողջ սնունդի պէտք ունին: Աչքերուն համար յատկապէս օգտակար են Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղները, ընդեղէնները, բուսական իւղերը, կանաչ տերեւով բանջարեղէնները եւ ձկնեղէնը:

Հրաժարեցէ՛ք ծխախոտէն:
Ծխախոտը կը բարձրացնէ աչքի որոշ հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը: Ծխախոտը կը յառաջացնէ նաեւ սրտանօթային հիւանդութիւններ, որոնք կրնան անմիջականօրէն ազդել աչքերու վիճակին վրայ: Կրաւորական ծխելու ժամանակ ձեր շնչած ծխախոտի ծուխը աչքերու չորացում կը պատճառէ:

Արեւի ակնոց կրեցէ՛ք:
Արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը բարձրացնեն աչքերու հիւանդութեան հաւանականութիւնը, այդ պատճառով ալ պայման է, որ զանոնք պաշտպանէք այդ վնասակար ճառագայթներէն:


+