Այլեւայլ : Մայրերու Տօն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Մայրերու Տօն

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

17 Mayıs 2018  

Մայրերու Տօն




Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու օրը կը նշուի տարբեր թուականներու:

– Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի այդ օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը: Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր:

– Արաբական երկիրներուն մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Ռուսիան` նոյեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին…

– Մայրերու օրը ծագում առած է հին Յունաստանէն: Մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ի յայտ եկած են հոն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին Ռէան` Զեւսին մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէան փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս «Մեծ դիցուհի» եւ «Աստուածներու մայր»:

– Եգիպտոս մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին: Նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր սկիզբը ծիծաղելի համարած է մայրերու տօնի առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է մայրերու օր:

– Նախագահ Ուիլսընի օրով մայրերու տօնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու ամայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը եւ այդ օրերուն ճերմակ մեխակը դարձաւ մայրերու տօնի խորհրդանիշ: 1914-ին նախագահ Ուիլսընի մայիսի երկրորդ շաբաթը հռչակեց մայրերու տօնի պաշտօնական թուական:

– Եթովպիոյ մէջ մայրերու տօնը կախեալ է անձրեւներէն. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքները կը կոչուին «Անթրոշթ»:

– Սպանիոյ մէջ մայրերու տօնը կը նշուի մայիսի առաջին շաբաթը: «Էլ տիա տը լա մատէ»-ի օրը սպանացիք ճաշարանները կը խուժեն: Այդ օրը մայրերը աճաշ չեն պատրաստեր: Աւանդութեան համաձայն, ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն ներկայ մայրերուն:


– Չինաստանի մէջ միայն երիտասարդ մայրերուն վերապահուած է մայրերու տօնը: Մինչեւ 35 տարեկան մայրերը առնչուած են այս տօնին հետ: Արդէն այս տօնը պաշտօնապէս օրացոյցին վրայ անցած չէ…


– Գերմանիոյ մէջ այդ օրը մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Նախ` մայրերը օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով մը, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Ոմանք ծաղիկ կամ տուրմ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:


– Արդէն տասնհինգերորդ դարուն անգլիացիք «Մաթըրինկ սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներուն տունը ծառայող մայրերուն կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:
+