Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

01 Mayıs 2018  

​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ




Վստահաբար դուք ձեզի հարց տուած էք, թէ արդեօք ինչպիսի՞ մայր էք, ճիշդ ձեւով կը դաստիարակէ՞ք ձեր զաւակը, փոխադարձ սէր, յարգանք եւ վստահութիւն կա՞յ ձեր միջեւ…

Կարդացէք նիւթը, ապա որոշեցէք, թէ ինչպիսի՛ մամա էք ձեր երեխային համար:

Դուք միշտ ձեր զաւակը կը համեմատէք ուրիշ երեխաներու հետ: Այսպիսով, դուք կ՛ազդէք ձեր երեխային ինքնագնահատականին վրայ: Աւելի ճիշդ մօտեցում է բացայայտել այն յատկանիշները, որոնցմով կը փայլի ան եւ հպարտանալ անով` այդ յատկանիշներուն համար:

Դուք չէք վստահիր ձեր երեխային: Երբեք մի՛ փորձէք կարդալ ձեր զաւկին եւ անոր ընկերներուն նամակագրութիւնները: Փոխարէնը` ստեղծեցէք ընկերական եւ վստահելի միջավայր, որպէսզի երեխան ինքը ձեզի պատմէ ամէն ինչ:

Դուք երեխային կ՛արգիլէք որեւէ բան ընել: Դուք կը վախնաք, որ ծաղիկները ջրած ատեն վրան թրջէ, բաժակը խոհանոց տարած ատեն ձեռքէն ձգէ, սահնակէն սահած ատեն իյնայ եւ հագուստները աղտոտէ… Յիշեցէք, որ բոլորն ալ կը սորվին իրենց սեփական սխալներէն:

Դուք կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը ենթարկուի ձեզի: Շատ մեծ սխալ է: Երեխան պէտք չէ ընէ այն, ինչ որ դուք կը ցանկաք իրեն համար` բժշկութիւն ուսանիլ, ջութակ նուագել եւ այլն… երեխան պէտք չէ ընտրէ այն մասնագիտութիւնը, որ դուք կը փափաքիք, կամ ձեր անկատար երազանքը եղած է: Ձգեցէք, որ ան որոշումներ կայացնէ իր կարողութիւններէն եւ նախասիրութիւններէն մեկնելով:

Դուք ձեր բարեկամուհիներուն կը պատմէք երեխային մէկ գաղտնիքը: Երբ երեխան ձեզի իր մէկ գաղտնիքը կը պատմէ, կը նշանակէ, որ կը վստահի ձեզի: Դուք կը կորսնցնէք այդ վստահութիւնը, եթէ բոլորին պատմէք իր գաղտնիքները:

Կ՛արժէ մտածել այս բոլորին մասին:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+