Այլեւայլ : ​Տոլմանիս
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : ​Տոլմանիս

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

12 Ocak 2018  

​Տոլմանիս



Հայաստանցի լրագրող մը «Տոլմայացաւ» վերնագիրով շատ դիպուկ յօդուած մը գրած էր, զոր շատ սիրեցի ու ես ալ իմ կարգիս ըսի անդրադառնամ այս հարցին:

Մեր բոլորին սիրած ու կերած տոլման UNESCO-ն գրանցած է որպէս ատրպէյճանական կերակրատեսակ: Ասոր վրայ հայաստանցիները փոթորիկ փրցուցին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, որ մեր նշանաւոր տոլման Ատրպէյճանին կը վերագրեն (չէ՞ որ ազերիները երբ դեռ խոտ կ՛ուտէին, մենք տոլմա կ՛ուտէինք…Չէ՞ որ Նոյը երբ Արարատէն իջաւ, որթատունկ տնկեց ու խաղողէն գինի պատրաստեց, անպայման որթատունկին տերեւներով ալ տոլմա պատրաստեց, նաե՛ւ չիր ու չամիչ…):

Դարերով իրարու դրացնութեամբ ապրած ժողովուրդներ իրարմէ ազդուելով, զանազան բաներ իրարմէ ընդօրինակած են: Ոչ միայն կերակրատեսակներ, այլ կենցաղային, լեզուական եւ մշակութային շատ մը բաներ ու դարեր յետոյ որը, որուն պատկանած ըլլալը երբեմն դժուար կ՛ըլլայ գիտնալ:

Իսկական տոլման, որ Հալէպի մէջ կը պատրաստեն, երբեմն դդումի, երբեմն ալ սմբուկի, լոլիկի եւ պղպեղի լիցքերով կ՛ըլլայ, շարքը լման ըլլալու է՝ «Թախըմ»: Հիմա ատրպէյճանական տոլմայի ծանուցումը Euronews-էն ցոյց կու տայ, որ անոնք ալ ճիշդ մեզի նման կը պատրաստեն, լման շարքով, մինչ Հայաստանի մէջ տոլմա ըսուածը մեր գիտցած սարմային կը նմանի, երբեմն որթատունկի տերեւով, երբեմն ալ՝ կաղամբի, այնպէս որ այստեղ բարձրացած աղմուկը շատ ալ տեղին չէ:

Ասկէ անջատ, որեւէ բանի մը իսկութիւնը իր անունէն կը դատուի, «Տոլմա» բառը թրքերէն է, ինչպէս մեր շատ մը կերակրատեսակները՝ սարմա, չիյ, իչլի-սինի, էշկիլի քիւֆթա, եալանճի, ղարնը եարըխ, ղազան քեպապը, թաս քեպապը, ղաւուրմա, սեմսէկ… Այո՛, թրքական բռնատիրութեան տակ դարերով ապրած ենք եւ թրքական անունները որդեգրած ենք, լա՛ւ, ինչպէ՞ս օտարը պիտի համոզենք, որ վերոյիշեալներէն բոլորը մեզմէ ընդօրինակած են թուրքերը: Հալէպի մէջ մեր միութենական ձեռնարկներուն փորձեցինք հայացնել կարգ մը ճաշատեսակներու անուններ՝ տոմսերու վրայ, սակայն հինը մնաց անփոփոխ: Աւանդութեամբ ժառանգուածները դժուար կը փոխուին:

Թրքերէնին դէմ ոչ թէ չենք պայքարած, ընդհակառակը՝ սիրած ենք եւ չենք հրաժարած, ոչ մեր մականուններէն, որոնց մեծամասնութիւնը թրքական է (Թոփալեան, Եըլանկէօզեան, Տեմիրճեան, Գազանճեան, Սողանեմէզեան, Թախթապուրունեան, Ալթունեան…), ոչ տեղանուններէն, ինչպէս Քեսապի մէջ (Պաղճաղազ, Գարատուրան, Էքիզ օլուք, Չինարճըխ, Չախալճըխ, Քէօրքիւնէ, Սիլտիրէն…), նոյնիսկ Հայաստանի մէջ դեռ կան «Ալլահվերտի»ն, «Աղուերան»ը, «Թոխմախ Կէօլ»ը եւ այլն, ոչ ալ ճաշատեսակներու անուններէն: Յանցաւոր չե՞նք: Ամօթ չէ՞ մեզի: Հապա ի՞նչ ըսել թրքերէն բառերով յագեցած արեւելահայ խօսակցական լեզուին մասին (թոզ, թրաշ, շալվար, մաղտանոս, մարուլ…):

Թրքերէնը մեր արեան մէջ անցած է եւ չենք թօթափած ու ախտահանած (տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ թրքական հեռատեսիլի եւ թրքական տեսաշարի ու երգերու սիրահարներուն մասին):

Վերադառնալով նորին վսեմութիւն տոլմային եւ այստեղի բուռն անդրադարձին, ըսեմ որ այնքան կարեւոր բաներ ձգած ենք ու ապուշ բանի մը մասին իրար կ՛անցնինք: Անցեալ ապրիլեան պատերազմին թէ՛ մեծ թիւով զինուոր կորսնցուցինք, թէ ալ հողատարածք, որուն համար պատասխանատու մարդիկ «անարժէք» է ըսին, երբ հայրենական սուրբ հողին մէկ թիզն անգամ անփոխարինելի գանձ է: Հիմա մեր այդ կորսնցուցածը մոռցած, տոլմային ետեւէն ինկեր ենք:

Եթէ իսկապէս նախանձախնդիր ենք, որ աշխարհը մեզ ճանչնայ եւ յարգէ, տոլմայէն շատ աւելի կարեւոր բաներ կան: Թող մեզ յարգեն մեր անկրկնելի ճարտարապետութեան, խաչքարերու, շարականներու, գորգագործութեան, գինեգործութեան, փայտամշակման, խեցեգործութեան եւ նման բարձրարժէք բաներու համար, թող տոլման ալ իրենց գլուխը անցնի:

Յակոբ Միքայէլեան

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+