Ի՞նչ Պէտք է Ուտել Յաճախ Ժպտալու Համար
Այսօր ո՛չ մէկը ապահովագրուած է ճնշումէն, քանի որ մեր առօրեան գերծանրաբեռնուած ու լարուած է: Ջղային համակարգը կարգաւորելու համար մեր մարմինը կարիք ունի В կենսանիւթին, որուն օգտագործումը կ’օգնէ աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու ճնշում պատճառող իրավիճակները:
Վիթամին В1-ով հարուստ են հացը, հնդկաձաւարը, վարսակը, կորեկը, լուբիան, ոլոռնը, խոզի եւ հորթի միսը:
Վիթամին В2-ով եւ В6-ով հարուստ են կաթնամթերքը, միսը, լուբիան, հաւկիթը, թարմ պտուղը:
Մարմինը մակնեզիումով կը հարստացնեն ձուկը, ծովամթերքը, ծիրանը, չիրերը, բանջարեղէնը եւ պանանը:
Բացի վիթամին В-էն, պէտք է նաեւ օգտագործել վիթամին С եւ պեթա քարօթին պարունակող սնունդ` բանջարեղէն, կիտրոն, թուրինջ, նարինջ, հատապտուղներ (սեւ հաղարջ, ազնուամորի), կանաչեղէն: