Այլեւայլ : ​Ժպտալու Եօթը Պատճառ
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : ​Ժպտալու Եօթը Պատճառ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

21 Kasım 2017  

​Ժպտալու Եօթը Պատճառ



Ժպիտը կ՝աշխուացնէ ուղեղի որոշ գործընթացներ, որոնք դրական ազդեցութիւն կ՝ունենան մարդու վրայ: Եօթը պատճառ աւելի յաճախ ժպտալու համար:

Ժպիտը երջանկութիւն կը պարգեւէ. Ժպիտը ազդանշան կ՝ուղարկէ ուղեղին, որ դուք երջանիկ էք, իսկ երբ դուք երջանիկ էք, մարմնի մէջ կ՝արտադրուի մեծ քանակով էնտորֆին հորմոնը, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք կը բարձրանայ ձեր տրամադրութիւնը:

Ժպիտը երջանկութիւն կը պարգեւէ ձեզ շրջապատող մարդոց. Ժպիտը վարակիչ է: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երբ մարդը կը տեսնէ իր ժպտացող ընկերը, ինքնաբերաբար կը սկսի ժպտալ եւ անոր տրամադրութիւնը նոյնպէս կը բարձրանայ:

Ժպիտը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ձեզ. Ժպտացող մարդիկ աւելի գրաւիչ կը թուին հակառակ սեռի ներկայացուցիչներուն համար: Ասիկա բնական երեւոյթ է, քանի որ դիմացինը կ՝ուզէ իմանալ, թէ ով էք դուք եւ ինչու կը ժպտաք: Ժպիտը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ձեզ, ուրեմն երբ հանդիպման կ՝երթաք, մի մոռնաք ժպտալու մասին:

Ժպիտը կ՝օգնէ ազատուելու ճնշախտէն. Ժպիտը կ՝օգնէ ազատուելու ճնշախտէն, յոգնածութենէն, տագնապի զգացումէն եւ լարուածութենէն: Երբ մենք կը ժպտանք, մեր երջանկութեան ազդակները «կը ստիպեն» ազատուիլ ճնշախտէն, որ դրականօրէն կ՝ազդէ մարդու առողջութեան ընդհանուր վիճակին վրայ:

Ժպիտը աւելի գրաւիչ է, քան դիմայարդարումը. Մարդոց 69%-ը կը կարծէ, որ ժպտացող կինը աւելի գեղեցիկ է, քան շպարուած ու դիմայարդարուած կինը: Ժպտալու ընթացքին կնոջ դէմքի մկանները կը քաշեն անոր մաշկը եւ աւելի երիտասարդ տեսք կու տան անոր:

Ժպիտը դրականօրէն կ՝ազդէ մարդու առողջութեան վրայ. Ժպիտը դրականօրէն կ՝ազդէ մարդու դիմադրողական համակարգին վրայ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ծիծաղը կ՝այրէ ճարպերը, կը նպաստէ արեան շրջանառութեան, կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը կարգաւորէ քունը:

Ժպիտը յաջողակ կը դարձնէ ձեզ. Ժպտադէմ մարդիկ աւելի ինքնավստահ կը թուին: Գործնական հանդիպումներու ժամանակ հարկաւոր է ժպտալ, քանի որ այդպէս դուք աւելի պատուարժան, վճռական եւ ինքնուրոյն մարդու տպաւորութիւն կը ձգէք:

+