Սոխը կը Լաւացնէ Վահանագեղձի Աշխատանքը
Սոխը մաշկը մաքրող յայտնի միջոց է. անիկա նաեւ հրաշալի կերպով կը սպաննէ մանրէները, կը պարունակէ ֆոսֆորաթթու, որ արեան մէջ հրաշքներ կը գործէ:
Ժողովրդական բժշկութիւնը կը պնդէ, որ սոխը ունի հետեւեալ օգտակար յատկանիշները`
Կը մաքրէ արիւնը,
Կը սպաննէ մանրէներն ու պաթոկենները,
Կը մաքրէ օդը:
Բժիշկները խորհուրդ կու տան վահանագեղձը բուժելու նպատակներով սոխ օգտագործել: Այսպէս՝
Կարմիր սոխը բաժնել երկու մասի, իւրաքանչիւր կէսով մերսել պարանոցի այն հատուածը, ուր տեղակայուած է վահանագեղձը:
Այս գործողութիւնը կատարելէ ետք քնանալ` առանց պարանոցը լուալու: Սոխը բնական ճանապարհով կը լաւացնէ վահանագեղձին աշխատանքը: