Այլեւայլ : Խնձորի Քացախի Բուժիչ Յատկութիւնները
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Խնձորի Քացախի Բուժիչ Յատկութիւնները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

23 Haziran 2017  

Խնձորի Քացախի Բուժիչ Յատկութիւնները

Խնձորի քացախը ո՛չ միայն կը բուժէ կարգ մը հիւանդութիւններ, այլ նաեւ կը կանխարգիլէ անոնցմէ շատերուն յայտնութիւնը:

Այս աժան եւ մատչելի սննդամթերքը անպակաս պէտք է ըլլայ մեր տուներէն: Չմոռնանք ընտրելու որակաւորը եւ բնական միջոցներով պատրաստուածը: Շուկայէն գնուած պատահական եւ անծանօթ տեսակները կրնան նոյնիսկ վնասակար դառնալ:

Ահա թէ ի՛նչ բաներու կ՛օգնէ խնձորի քացախը:

– Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Մէկ բաժակ ջուրի մէջ դգալ մը խնձորի քացախ, դգալ մըն ալ մեղր աւելցնել, լուծել եւ օրական մէկ բաժակ խմել:
– Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը: 150 միլիլիթր ջուրի մէջ 2 դգալ խնձորի քացախ աւելցնել եւ խմել օրական 1 անգամ:
– Կը մեղմացնէ ստամոքսի ցաւը:
– Կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
– Կը դարմանէ գերզգայնութիւնները:
– Կը չէզոքացնէ բերնի անախորժ հոտերը եւ կը հականեխէ բերանը:
– Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը:
– Կը չէզոքացնէ մազին թեփը:
– Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
– Կը ձերբազատէ գիշերային մկանի պրկումներէ:
– Կը սպիտակեցնէ ակռաները:
– Կը չափաւորէ շաքարի տոկոսը` արեան մէջ:

Բոլոր պարագաներուն ալ խնձորի քացախը պէտք է լուծել ջուրի մէջ եւ խմել կամ մորթին քսել առանց չափազանցելու:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+