Այլեւայլ : ​Աւելի Ինքնավստահ Դառնալու Կարծիքներ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : ​Աւելի Ինքնավստահ Դառնալու Կարծիքներ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

04 Haziran 2017  

​Աւելի Ինքնավստահ Դառնալու Կարծիքներ

Շատերուս ծանօթ է «օ՜, ես վստահ չեմ…» արտայայտութիւնը: Ծանօթ է, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւր երկրորդը «կը տառապի անվստահութեամբ»: Փոքրիկ խնդիրէն ընկճուիլն ու ետ-ետ քալելը անվստահութեան բարդոյթի նախանշաններն են: Անոնցմէ պէտք է շատ արագ ազատուիլ:

Նախ եւ առաջ յիշեցէք, որ երբեք ալ կարեւորը այն չէ, թէ ինչ կ՝ընենք, այլ այն, թէ ինչպէս կ՝ընենք: Օրինակ’ երբ կանգնած ենք ընտրութեան առջեւ’ ուր երթալ երեկոյեան եւ ունինք երկու տարբերակ, անվստահութեան պարագային լուծումը հետեւեալն է` փորձել գտնել «ճիշդ տարբերակը», բայց հաւատացէք, որ փնտռելով ճիշդը, դուք պիտի փճացնէք ձեր երեկոն, որովհետեւ շարունակ պիտի մտածէք. «իսկ եթէ «սխալ»ը ընտրած եմ»: Դուք ձեզ փուշերու վրայ պիտի զգաք, անգամ եթէ ընտրած ըլլաք, այսպէս կոչուած, ճիշդ տարբերակը:

Աշխատեցէք ձեր ինքնագնահատականին վրայ: Առաւել յաճախ ցած ինքնագնահատականն է, որ կը դառնայ անվստահութեան պատճառ: Որեւէ քայլ կատարելու ընթացքին մի ցածցնէք ձեզ «իսկ եթէ չկրնամ» մտքով: Հաւատացէք, որ նոյնիսկ եթէ չկրնաք, դուք պիտի կորսնցնէք քանի մը անգամ աւելի քիչ բան, քան կը կարծէք:

Մի մտածէք, թէ ինչ կ՝ակնկալէ ձեզմէ շրջապատը: Ի՞նչ կարեւոր է, թէ ուրիշները ինչ կը մտածեն ձեր մասին: Լսեցէք խորհուրդներ, բայց, եթէ չհամաձայնիք անոնց հետ, ըրէք այնպէս, ինչպէս կը յուշէ ձեր սիրտը:

Եթէ ճնշախտի հասնող անվստահութիւնը արդէն ձեւաւորուած է, ու դուք չէք հասցուցած կանխարգիլել զայն, ուստի լաւ տարբերակ է ընկերոջ հետ զրուցելը: Անկէ խորհուրդ մի հարցնէք ու, առաւել եւս, մի ձգէք, որ իր կարծիքը ձեր վիզին փաթթէ: Ուղղակի մանրամասն կերպով անոր ներկայացուցէք իրավիճակը: Ձեր իսկ պատմածը լսելով’ դուք ինքնուրոյն պիտի հանգիք ճիշդ եզրակացութեան:

Եւ, ի վերջոյ, կը յիշէ՞ք յայտնի խօսքը. «գայլէն վախցաւ’ անտառ չգնաց… »: Կարեւոր է հասկնալ մէկ բան` եթէ որեւէ քայլ պիտի առնես, ունիս երկու տարբերակ’ պիտի յաջողիս կամ պիտի չյաջողիս: Իսկ, երբ կը վախնաս ու ոչինչ կ՝ընես, յաջողելու հաւանականութիւնը արդէն կորսնցուցած կ՝ըլլաս:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+