Այլեւայլ : ​«Ողջոյն քեզ Մարիամ, լի շնորհքով...»: Մայիս ամիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիս է։
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : ​«Ողջոյն քեզ Մարիամ, լի շնորհքով...»: Մայիս ամիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիս է։

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

28 Mayıs 2017  

​«Ողջոյն քեզ Մարիամ, լի շնորհքով...»: Մայիս ամիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիս է։

14-րդ դարէն սկսեալ, Արեւմտեան Եկեղեցին մայիս ամիսը կը նուիրէ Ս. Կոյս Մարիամի եւ մեզ կը հրաւիրէ աւելի մեծ խանդով տօնելու Աստուածամայրը՝ մտածելով այն առաքինութիւններուն վրայ, որ զինք փառքի կը հասցնեն: Մենք ալ Գաբրիէլ հրեշտակապետին հետ կրկնենք. «Ողջոյն քեզ Մարիամ, լի շնորհքով, Տէրը քեզի հետ է»:

Դարեր շարունակ Եկեղեցին կը հռչակէ սրբութիւնը, անարատութիւնը Ս. Կոյսին, որ զինքը զերծ պահեցին սկզբնական մեղքէն: Ս. Կոյսը օրինակն է անձնուիրումի ու հաւատարմութեան որ զինք արժանացուցին ամէնուն կողմէ Երանելի հռչակուելու:

Հայ Եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը մեծ հաւատքով եւ վստահուտեամբ ընդունեցան Քրիստոսի՝ Խաչի վրայ արտասանած խօսքերը ուղղուած Ս. Յովհաննէսին. «Որդի, ահա քու մայրդ», եւ Ս. Կոյսին ուղղուած խօսքը. «Ահա քու որդիդ»: Այս խօսքերով Յիսուս Գողգոթայի վրայ մեզ յանձնեց Ս. Կոյսի պաշտպանութեան եւ գուրգուրանքին: Ինքն է որ մեզ կ’առաջնորդէ եւ մեզի համար կը բարեխօսէ Իր Որդիին՝ մօտ :

Իրեն ի պատիւ, մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրապետները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը դարերու ընթացքին աղօթքներ, շարականներ, մեղեդիներ եւ երգեր յօրինեցին : Նոյնպէս մեր մատենագիրները, պատմաբանները, գրողները եւ բանաստեղծները գրեցին եւ յօրինեցին դարերու ընթացքին եւ տակաւին անխախտօրէն կը շարունակեն իրենց ընթացքը Երկնաւոր Մօր հանդէպ :

Հմայուած անոր տեսիլքով, Մարիամի ոգեւորուած վանականը՝ Ս· Գրիգոր Նարեկացին (951-1003), կը նմանցնէր Աստուածամայրը շուշանի եւ դաշտերու ծաղիկի:

Ս· Գրիգոր Լուսաւորիչ, նշելով Մարիամի սրբութիւնը, կ’ըսէ. «Ինչպէս որ Քրիստոս լի է սրբութեան բոյրով, այնպէս ալ Սուրբ Կոյսը լի է Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ Բարձեալին»:

Երբ Քրիստոս մեզ յանձնեց իր Մօրը, Իրեն տուաւ առաքելութիւն մը որ ան սահման է եւ յաւերժական: Մեզմէ շատեր հարց կու տան թէ ին՞չ է այդ առաքելութիւնը եւ թէ ին՞չ բանի մէջ կը կայանայ իր դերը:

Ներկայ դարուս մէջ Ս. Կոյսը ամէնուրէք կոչ կ’ուղղէ մեզի բայց ի մասնաւորի այն անձերուն, որոնք հեռացած են իր Որդիէն՝ Քրիստոսէն: Մարիամ այս կոչերով մեզ կը հրաւիրէ աւելի մօտ ըլլալու իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին, մեր Արարիչին ու Փրկչին:

Ահա Ս· Կոյսին մայրական պատգամը որ կ’ուղղէ մեզի. «Սիրելի որդիներս, աղօթեցէք սրտանց Աստուծոյ, Ս. Գիրքը կարդացէք, ապաշխարեցէք, խոստովանեցէք ձեր մեղքերը, Ս. Պատարագին մասնակցեցէք եւ ծոմ պահեցէք»: Այս կոչը ուղղուած է բոլորիս:

Հուսկ, մայիս ամիսը ծաղիկներու ամիս է: Ծաղիկ մը ընծայենք Ս. Կոյսին, բարձրացնենք մեր աղօթքները՝ խորհրդածելով Աստուծոյ խօսքին եւ Ս. Կոյսին կեանքին վրայ: Երգով զինքը փառաբանենք եւ Ս. Վարդարանը աղօթենք:

Վստահութեամբ յայտնենք իրեն մեր սէրը նոյն հաւատքով որ կը դաւանինք անոր Յարուցեալ Որդիին: Պէտք չունինք Մարիամի սրբութիւնը հաստատող փաստերու: Հետեւինք Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ մեր Հայրերու աւանդութեան: Որպէս սիրով լեցուն որդիներ, այս ամիսը Իրեն նուիրելով՝ վերանորոգենք եւ ամրապնդենք մեր ջերմեռանդութիւնը Իրեն հանդէպ:

Radiovatican


+