Այլեւայլ : Յիշողութիւնը Բարելաւող Եւ Ուղեղին Աշխատանքը Խթանող 15 Մթերք
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Յիշողութիւնը Բարելաւող Եւ Ուղեղին Աշխատանքը Խթանող 15 Մթերք

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

16 Mayıs 2017  

Յիշողութիւնը Բարելաւող Եւ Ուղեղին Աշխատանքը Խթանող 15 Մթերք

Մեր մարմինին աշխատանքի որակը մեծ մասամբ կապուած է մեր սննդակարգէն. ոչ առողջապահական սնունդը մեզ կ՛առաջնորդէ առողջական զանազան հարցերու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 15 բնական եւ առողջարար ուտելիքներ, որոնք կ՛օգնեն բարելաւելու յիշողութիւնը, կը խթանեն ուղեղին աշխատանքը, կը վերականգնեն տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանեն ոսկորները:

– ՃԱԿՆԴԵՂԸ կը խթանէ ուղեղին եւ առհասարակ ամբողջ մարմնին արեան շրջագայութիւնը:

– ՀԱՒԿԻԹԸ կ՛ապահովէ ուղեղին առողջութիւնը:

– ԽՆԿՈՒՆԻՆ կ՛օգնէ կեդրոնացումին եւ ուշադրութեան բարելաւման: Անոր բոյրը կը խթանէ մտային կարողութիւնները:

– ԱՒՈՔԱՏՈՆ կ՛արագացնէ արեան հոսքը դէպի ուղեղ:

– ՁՈՒԿԸ, շնորհիւ Օմեկա 3-ին եւ ճարպաթթուներուն, կ՛ապահովէ ուղեղին առողջութիւնը:

– ՀԱՊԱԼԱՍԸ հարուստ է հակաօքսիտաններով, որոնք կը կանխարգիլեն ուղեղին վնասուածքները:

– ԸՆԿՈՒԶԵՂԷՆԸ մարմինն ու ուղեղը կը յագեցնէ թթուածինով: Անոնք նաեւ հարուստ են ճարպաթթուներով, որոնք կը բարելաւեն մտային
կարողութիւնները:

– ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿՆԵՐԸ, շնորհիւ իրենց պարունակած մանրաթելերուն, ածխաջուրերուն եւ – Օմեկա-3 ճարպաթթուներուն, կ՛ապահովեն ուղեղին առողջութիւնն ու մտային կարողութիւնները:

– ԿԱՆԱՉ ԹԷՅԸ օրական 2-3 բաժակ խմելու պարագային կը բարելաւէ կեդրոնացումը եւ յիշողութիւնը:

– ԿԱՂԻՆԸ մեծ քանակութեամբ Պէ.12 կենսանիւթը կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ ֆոլաթթու. ասոնք ուղեղը կը պաշտպանեն ջղային ցնցումներէ:

– ԼՈԼԻԿԸ հարուստ է լիքոբէն կոչուած հակաօքսիտանով, որ ուղեղը կը պաշտպանէ արտաքին վտանգներէ եւ կ՛ապահովէ անոր առողջական վիճակը:

– ՔՐՔՈՄԸ

– ՍԵՒ ՏՈՒՐՄԸ

– ՍՈԽԸ

Ինչպէս կը նկատէք բոլոր այս մթերքները մեզի հասանելի, մատչելի են, ուրեմն ինչո՞ւ զանոնք չօգտագործենք մեր կերակուրներու, աղցաններու կամ աղանդերներուն մէջ եւ կ՛օգտուինք անոնց բարիքներէն:

+