Ծաղկազարդ
Մեծ պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ: Ծաղկազարդի կիրակին օրուան աւետարանը կը բովանդակէ Քրիստոսի կեանքին հետ կապուած շարք մը դէպքեր` Ղազարոսի յարութիւնը, Իր հանդիսաւոր մուտք Երուսաղէմ, ժողովրդական խանդավառ ընդունելութիւնը` «Ովսաննա՜, օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ գաս յանուն Տեառն», եւ տաճարի մաքրութիւնը:
Յիսուս հանդիսաւոր կերպով, աւանակի վրայ նստած, մուտք կը գործէ Երուսաղէմ: Ժողովուրդը խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստեր առած եւ զգեստները ճանապարհին վրայ փռած, որպէսզի Ան անոնց վրայէն անցնի, եւ կ՛աղաղակէին` «Ովսաննա՜, օրհնութիւն անոր, որ կու գայ Տիրոջ անունով»: Իսկ Յիսուս, փառքի մէջ անայլայլ եւ անտարբեր, կը մտնէ տաճար եւ խարազանով կը մաքրէ տաճարը լումայափոխ եւ աղաւնավաճառ մարդոցմէ, ժողովուրդին հասկցնելու համար, որ տաճարը Աստուծոյ տունն է եւ պիտի ըլլայ միայն աղօթքի տուն:
Այս է Ծաղկազարդի կիրակիի աւետարանական իմաստը:
Ծաղկազարդի կիրակին եկեղեցիները կը զարդարուին արմաւենիի ճիւղերով եւ ձիթենիի ոստերով` աւելի իմաստալից եւ պատկերալից դարձնելու համար Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը:
Ծաղկազարդը պիտակաբար կը կոչուի նաեւ Գալուստ, իբրեւ մեսիաբար գալուստը Փրկիչին յԵրուսաղէմ եւ ի չարչարանս: Այս պատճառով անոր կը կցուի նաեւ Քրիստոսի երկրորդ կամ վերջին գալստեան յիշատակը, որ կը կատարուի երեկոյի արարողութեան միջոցին, «Դռնբացէք» խորհրդաւոր արարողութեամբ` ի պատկեր Վերջին դատաստանի եւ աստուածային արդարութեան:
Եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն համաձայն, Յիսուսի առջեւ հանդերձներ նետելը կը խորհրդանշէ մեղքէն ազատուիլը: Ոստեր եւ ճիւղեր ընծայելը առանձնակի պատիւներ եւ հանդիսաւորութիւն կը խորհրդանշէ: Ձիթենին կը համարուի իմաստութեան, խաղաղութեան, յաղթանակի եւ փառքի խորհրդանշան: Ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու ընծայումը Քրիստոսին, որ մեռեալ Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, կը խորհրդանշէ մահուան հանդէպ յաղթանակ:
Ծաղկազարդի նախօրեակին` շաբաթ օրը, կը կատարուի Ծաղկազարդի նախատօնակը, կը բացուի եկեղեցւոյ վարագոյրը, իսկ յաջորդ օրը, ժամերգութենէն ետք, բաց վարագոյրով կը մատուցուի Ս. պատարագ: Ծաղկազարդի առաւօտեան կ՛օրհնուին ձիթենիի կամ ուռենիի ոստեր եւ կը բաժնուին ժողովուրդին:
Յիսուս Քրիստոս, որպէս թագաւոր, յաղթական պսակը գլխուն, անէծքը վերցնող եւ կենդանութիւն պարգեւողն է:
Ծաղկազարդի օրը եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգը կը կատարուի: