Այլեւայլ : Աւագ Շաբաթի ժամանակամիջոցին` խտացեալ կերպով կը յիշատակուին փրկագործութեան խորհուրդները
05 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Ահրանք / Ժամ : Թաղանթեալ

Այլեւայլ : Աւագ Շաբաթի ժամանակամիջոցին` խտացեալ կերպով կը յիշատակուին փրկագործութեան խորհուրդները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

10 Nisan 2017  

Աւագ Շաբաթի ժամանակամիջոցին` խտացեալ կերպով կը յիշատակուին փրկագործութեան խորհուրդները

Աւագ Շաբաթի ժամանակամիջոցին մէջ, քրիստոնեաներ խտացեալ կերպով կը յիշատակեն փրկագործութեան խորհուրդները, այնտեղ կը կատարուին յատուկ արարողութիւններ. կը յիշատակենք Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին օրերը, վերջին դէպքերը, չարչարանքներն ու մահը։ Տօնակատարութիւնները, ծէսերը եւ ժողովրդական բարեպաշտութիւնը հարուստ են աղօթքներով, շարականներով, սուրբ գրային ընթերցուածներով եւ սաղմոսներով։

Արդէն առաջին դարերուն, քրիստոնեաներ կը կատարեն Յիսուսի խաչելութեան եւ յարութեան յիշատակը։ Չորրորդ դարէն սկսեալ արարողութիւնները կը ճոխանան ու կը ծաւալին սաղմոսներով, ընթերցումներով եւ շարականներով։

Աւագ Շաբաթի իւրաքանչիւր օրը ունի յատուկ խորհուրդ մը, որ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին շաբաթը կը ներկայացնէ՝ ըստ Աւետարաններուն։ Այդ խորհուրդին վրայ կը կենդրոնանան օրուան արարողութիւնները, շարականներն ու աղօթքները։

Աւագ Շաբաթի եւ Զատիկի տօներուն մաս են Ղազարու Յարութեան Շաբաթ օրը, Ծաղկազարդը՝ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, Աւագ Երկուշաբթի եւ Աւագ Երեքշաբթի՝ Երկնաւոր Փեսայի եւ իմաստուն կոյսերու խորհուրդը, Աւագ Չորեքշաբթի՝ Յիսուսի օծումը եւ Յուդայի մատնութեան ծրագիրը, Աւագ Հինգշաբթի՝ Վերջին Ընթրիք եւ Գեթսէմանի, Աւագ Ուրբաթ՝ խաչելութիւն եւ մահ, Աւագ Շաբաթ՝ թաղման խորհուրդը, Զատիկ՝ Կիրակի Յարութեան եւ Մեռելոց Երկուշաբթի։

Եկեղեցական կամ ծիսական տարւոյն զատկական շրջանը կը ներգրաւէ Մեծ Պահքը, Աւագ Շաբաթը, Զատիկ, Յինանց շրջանը, Յիսուսի Համբարձումը եւ Պենտեկոստէ։

Շաբաթ Ղազարու Յարութեան

Աւագ Շաբաթին կը կանխէ Ղազարու յարութեան շաբաթ օրը։ Այսօրուան խորհուրդին մէջ Քրիստոս կը ներկայանայ իբր «կենդանարար, բաշխող կենդանութեան, Աստուած, Աստուած կենդանեաց եւ մեռելոց, կեանքի աղբիւր, յոյս, անմահութեան աղբիւր, անմահութիւն պարգեւող, որմէ կը դողան հրեշտակները։» Ղազարու յարութեան հետ կապուած շարականները արդէն նշում կը կատարեն Քրիստոսի յաղթական Յարութեան։ Այնտեղ Յիսուսի յարութիւնը կʼանուանուի «աշխարհակեցոյց» յարութիւն, այսինքն աշխարհի, մարդկութեան կեանք տուող, կենդանացնող։

Յիսուս, «անմահ թագաւորը մարդասիրապէս կ’արտասուէ՝ ողբակից ըլլալով» սգաւորներուն։ Ղազարոսը յարուցանելով, Յիսուս կը ներկայանայ իր «արարչագործ ձայնով», եւ կեանք տալով Ղազարոսի՝ «կը խափանէ մահուան զօրութիւնը, կը դողացնէ մահը, կը խորտակէ մահը եւ դժոխքը, կʼոչնչացնէ ապականութիւնը, կը կենագործէ եւ կը նորոգէ մարդը», ինչպէս կʼերգեն մեր շարականները։

Օրուան շարականները կը պատմեն, թէ ինչպէս մարդը խորտակած էր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը. Քրիստոս կու գայ՝ վերականգնելու համար այդ յարաբերութիւնը։

Ղազարու Յարութեան Շաբաթ օրը, երեկոյեան ժամերգութեան ժամանակ, երբ Համբարձի շարականը կ’երգենք, կը բացուի խորանի վարագոյրը, որ փակ մնացած էր մեծ պահքի շրջանին։ Շարականը կը գովերգէ Յիսուսի գալուստը Երուսաղէմ, որուն յիշատակը պիտի կատարուի յաջորդ օրը՝ Ծաղկազարդին։ Հին Կտակարանը մեզի կը հաղորդէ, թէ տաճարի Սրբութիւն Սրբոցը բաժնուած էր ժողովուրդէն վարագոյրով մը։ Սրբութիւն Սրբոցը կը նկատուէր Աստուծոյ ներկայութեան վայրը։ Սակայն Քրիստոս, Իր մահով եւ յարութեամբ պատռեց վարագոյրը եւ մեզի բացաւ Աստուծոյ ողորմութեան դուռը, երկինքը, եւ մեզ կրկին կոչեց որդեգրութեան։ Այլեւս չկար բաժանող վարագոյրը Հօր Աստուծոյ եւ Իր զաւակներուն միջեւ. Քրիստոսի արիւնը ոչնչացուց այդ խոչընդոտը։ Պօղոս Առաքեալ կը գրէ՝ “Քանի որ ունինք, եղբայրներ, համարձակութիւնը մօտենալու սրբութեան, Յիսուսի արիւնով, նոր եւ կենսատու ճամբով, զոր ինք մեզի բացաւ, վարագոյրին միջոցով, որ իր մարմինն է” (Եբր Ժ. 19-20)։

+