Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքները. Կիտրոնը Օգտագործելու 10 Հետաքրքրական Տարբերակներ
Կիտրոնը` որպէս մաքրող հեղուկ: Կիտրոնը կեղուել, կտրտել, վրան 150 մլ. քացախ աւելցնել եւ ամբողջ գիշեր մը պահել: Յաջորդ օրը քամոցէ անցընել եւ փոխադրել սփռիչ շիշի մէջ, աւելցնել 150 մլ. ջուր, կիտրոնին կեղեւները եւ անանուխի մէկ-երկու տերեւ: Այս հեղուկով կարելի է մաքրել սառնարանը, մանրալիքը, խոհանոցի սեղանը, ծորակները, ապակին…
Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքրելու եւ հականեխելու լաւագոյն միջոցը, զայն կիսուած կիտրոնով եւ սոտայով կամ աղով շփելն է:
Պղնձեայ իրերը մաքրելու համար զանոնք շփել կիսուած կիտրոնի կտորով մը, որուն վրայ աղ ցանուած ըլլայ:
Տան ծորակները փայլեցնելու համար նոյնպէս օգտագործել կիսուած կիտրոնի կտոր մը:
Եղունգները մաքրելու եւ զօրացնելու համար զանոնք շփել կիտրոնով:
Դէմքին վրայի մութ արատները թեթեւցնելու կամ չքացնելու համար զանոնք օրական օծել կիտրոնի հիւթով:
Սառնարանէն տհաճ հոտերը չքացնելու համար օգտագործել կիտրոնի հիւթի մէջ թաթխուած սպունգի կամ լաթի կտոր մը:
Գիշերը մարզանքի կօշիկներուն մէջ կիտրոնի կեղեւ զետեղելով` կարելի է զանոնք ձերբազատել տհաճ հոտերէն:
Տան օդը մաքրելու եւ անուշ բոյր սփռելու համար կիսուած կիտրոններու վրայ մեխակի գամեր մխրճել եւ ապա եռացած ջուրի մէջ 5 վայրկեան խաշել… կիտրոնին բոյրը նաեւ տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ:
Կարելի է կիտրոնի կեղեւները վերածել սիրուն մոմակալներու: Կիտրոնը կիսել, միջուկը փորել հանել, ապա մէջը փոքրիկ մոմ մը զետեղել: «Մոմակալ»-ը զետեղել պնակի մը կեդրոնը եւ շուրջը զարդարել խնկունիի եւ այլ ճիւղերով:
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ