Այլեւայլ : 10 Պատճառ Շատ Արագ Թուզ Գնելու Համար
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : 10 Պատճառ Շատ Արագ Թուզ Գնելու Համար

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

29 Ağustos 2016  

10 Պատճառ Շատ Արագ Թուզ Գնելու Համար

Թուզը սննդակարգ մտցնելու համար գոյութիւն ունի քանի մը պատճառ: Նախ, անիկա շատ համեղ է: Թուզը կարելի է ուտել ե՛ւ թարմ ե՛ւ չորցուած վիճակով: Անիկա շատ օգտակար է: Կ՝օգտագործուի ժողովրդական բժշկութեան մէջ՝ իբրեւ շարք մը հիւանդութիւններու բուժման միջոց:

10 օգտակար յատկութիւն, որ ոչ մէկ կասկած կը ձգէ թուզը սննդակարգ մտցնելուն մէջ՝


Թուզը կ՝ամրացնէ դիմադրողականութիւնը- Թուզի բաղադրութեան մէջ կը մտնեն արժէքաւոր վիթամիններ, հանքային նիւթեր, ամինաթթուներ եւ այլ օգտակար նիւթեր: Անիկա կը պարունակէ երկաթ, քալիում, քալսիում, մակնեզիում, ֆոսֆոր, B, A, PP, E խումբի վիթամիններ, պեթա-քարոթին:

Թուզը սննդակարգի յատուկ մթերք է- Այս միրգը, իրօք, գտածոյ է նիհարնալ ուզողներուն համար: Թուզի 100 կրամը կը պարունակէ ընդամէնը 49 ջերմուժ:

Թուզը կ՝օգնէ մրսածութեան ժամանակ- Անիկա կը բուժէ կոկորդը: Եփեցէք զայն տաք ջուրով կամ կաթով: Անիկա նաեւ կ՝իջեցնէ մարմնի ջերմաստիճանը:

Թուզը օգտակար է սրտին համար- Թուզը արժէ մցնել սննդակարգ որպէսզի սիրտը եւ անօթները առողջ ըլլան: Այս միրգը կ՝օգնէ սիրտ-անօթային համակարգի հիւանդութիւններու կանխարգիլման: Թուզին մէջ գոյութիւն ունի կարեւոր մասնիկ մը, որ կ՝իջեցնէ արեան մակարդելիութիւնը եւ կը նպաստէ խցանումներու ներծծման:

Թուզը կը կարգաւորէ ճնշումը- Անիկա կ՝օգնէ կարգաւորել ճնշումը: Թուզը կը հանէ անօթներու ծանրաբեռնուածութիւնը եւ նոյնիսկ կրնայ լայնցնել զանոնք:

Թուզը մեղմ թուլցնող միջոց է- Եթէ դուք խնդիր ունիք աղեստամոքսային համակարգի հետ` պարտադիր ներառէք թուզը ձեր սննդակարգ: Թուզի կանոնաւոր օգտագործումը կը լաւացնէ նիւթափոխանակութիւնը: Զայն կարելի է ուտել ե՛ւ թարմ, ե՛ւ չորցուած վիճակի մէջ:

Թուզը կը լաւացնէ լեարդի եւ երիկամներու աշխատանքը- Զարմանալի է, որ թուզը օգտակար է գրեթէ բոլոր օրկաններուն համար: Այս քաղցր միրգին մէջ այնքան շատ են օգտակար նիւթերը, որ անիկա շատ լաւ է տարբեր օրկաններու համար, օրինակ լեարդի եւ երիկամներու:

Թուզը կը հանգստացնէ ջղային համակարգը- Թուզին թուրմը կրնայ հանել ճնշախտը եւ հանգստացնել ջղային համակարգը իր մէջ պարունակող եթերային իւղերուն շնորհիւ: Բացի այդ, թուզը նաեւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը քալիումի, մակնիումի եւ քալսիումի պարունակութեան շնորհիւ:

Թուզը կը պայքարի քոլեսթերոլի դէմ- Վնասակար սնունդը կը նպաստէ վատ քոլեսթերոլի կուտակման, որ անօթներուն վրայ կ՝առաջացնէ գնդիկներ:

Թուզը կ՝օգնէ կարգաւորել քոլեսթերոլի մակարդակը եւ պաշտպանել սիրտն ու անօթները:

Թուզը օգակար է կանանց համար- Թուզին մէջ կան օգտակար նիւթեր, որոնք կարեւոր են կանանց համար:

Կարեւոր է յիշել նաեւ հակացուցումներուն մասին, թուզը պէտք չէ օգտագործել աղեստամոքսային համակարգի սուր հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի ժամանակ:

+