Այլեւայլ : Ինչպէ՞ս Պահպանել Բարձր Տրամադրութիւն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Թաղանթեալ

Այլեւայլ : Ինչպէ՞ս Պահպանել Բարձր Տրամադրութիւն

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

08 Ağustos 2016  

Ինչպէ՞ս Պահպանել Բարձր Տրամադրութիւն

Թախիծը կը վախնայ արեւէն…

Ամերիկացի հոգեբանները կը կարծեն, որ մեր տրամադրութիւնը որոշակիօրէն կապ ունի մեր արթննալու ժամուն հետ:

Կը պարզուի` թախծոտութիւնը, անտրամադիր վիճակը կը վախնան արեւու լոյսէն` ինչպէս սատանան խաչէն: Մարդու մարմնին մէջ յայտնաբերուած են հորմոններ, որոնց կենսագործունէութեան նիւթերը մտնելով արեան մէջ՝ կը ներգործեն ուղեղին մէջ գտնուող «ճնշման կեդրոններ»-ուն վրայ: Ըստ այդմ` գիշերը այդ հորմոններուն քանակը կ’աւելնայ, իսկ արեւուն առաջին ճառագայթներէն` կը նուազի: Այնպէս որ, պէտք է քնանալ կանուխ, արթննալ՝ լուսաբացին, եւ լաւ տրամադրութիւնը ապահովուած է:

Իսկ ինչպէ՞ս վարուիլ ձմրան ընթացքին, երբ լուսային օրը կարճ է: Հոգեբանները խորհուրդ կու տան որքան հնարաւոր է յաճախակի այցելել վարսայարդարը: Ունենալով գեղեցիկ սանտրուածք` կինը ոչ միայն հաճելի տեսք կը ստանայ, այլեւ իրեն կը զգայ աւելի ազատ ու հանգիստ, աւելի եռանդուն, ան աւելի դիւրութեամբ կը յաղթահարէ բացասական զգացումները: Այդ նոյն արդիւնքին կարելի է հասնիլ նաեւ տան մէջ, լուալ գլուխը, ինքնուրոյն յարդարել մազերը: Եւ դուք արդէն բոլորովին ուրիշ մարդ էք:

Երբեք մի՛ շտապեցնէք հայելիին դիմաց կանգնած կին. ան ոչ թէ կը սէթեւեթէ հայելիին առջեւ, այլ տրամադրութիւն կը ստեղծէ:

Լաւ տրամադրութեան համար մարզադաշտ երթալ

Մարմնամարզանքը, անկասկած, դրական յոյզեր կը պարգեւէ մարզասէրներուն: Ի հարկէ, երբեմն անիկա կը հասնի անհեթեթութեան: Արժանթինի տաքարիւն տղամարդիկ` ֆութպոլի ջերմ սիրահարները, կարծես թէ լրջօրէն զայն կը գերադասէն սեռական յարաբերութենէն:
Շարժումը ուրախութիւն է

Տրամադրութեան բարձրացման համար իւրաքանչիւրը կ’առաջարկէ իր դեղատոմսը: Լոնտոնի համալսարանի հոգեբան Ռոպերթ Իւնկը համոզուած է` մարմնամարզով զբաղիլը կը գրաւէ առաջին տեղը: 20 տարի ան ուսումնասիրած է մարմնական աշխոյժութեան ազդեցութիւնը մարդու հոգեկան վիճակին վրայ: Մարզասրահներու, լողաւազաններու, վազքուղիներու մշտական յաճախորդներու 85 %-ի մօտ մարզումներէն ետք վատ հոգեվիճակէն հետք անգամ չէր մնար, իսկ լաւ տրամադրութեան կորագիծը կտրուկ կերպով կը բարձրանար:



+