14 Mart 2016
Այս մթերքները կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը վերականգնեն միջողնաշարային սկաւառակները կազմող հիւսուածքները: Բացի այդ, անոնք կ՝ամրացնեն հիւսուածքները եւ կը վերականգնեն ողնաշարը: Օգտագործեցէք 1.5 ամսուան ընթացքին:
Նիւթերը, որոնք պէտք են ատոր համար չեն պարունակեր այս բաղադրիչներուն մէջ առանձին-առանձին, այլ կը ձեւաւորուին համադրութեան մէջ: Այս համադրութիւնը նաեւ ունի մոգական ազդեցութիւն եւ կը բարձրացնէ տղամարդոց ու կանանց սեռական ուժը:
Չորցուած ծիրանը, անկասկած, կարելի է անուանել օգատակար նիւթերու պաշար: Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ անիկա լաւ ազդեցութիւն կը ձգէ սրտամկանի վրայ` քալիումի պարունակութեան շնորհիւ:
Անիկա նաեւ հիանալի կանխարգելիչ միջոց է օնկոլոգիական հիւանդութիւններու դէմ: Այս հրաշք չիրին մէջ կայ ֆոսֆոր, երկաթ, քալսիում, քարօթին, վիթամին B5.
Թուզը քաղցկեղի դէմ կանխարգելիչ միջոց է: Անիկա կը կարգաւորէ վահանաձեւ գեղձին աշխատանքը: Թուզը նաեւ կ՝օգնէ աղիքներէն հանել թոյները:
Սալորաչիրը նոյնպէս բնութեան պարգեւ է: Առաջին հերթին անիկա օգտակար է աղեստամոքսային համակարգին համար: Անիկա կը կարգաւորէ նիւթափոխանակութիւնը: Սալորաչիրը նաեւ օգտակար է բարձր ճնշում ունեցողներուն համար: Վիթամին A-ի մեծ պարունակութեան շնորհիւ անիկա նաեւ կը լաւացնէ տեսողութիւնը: