Այլեւայլ : Նոյն Սննդակարգերը Տարբեր Կերպ Կ՝ազդեն Մարդոց Վրայ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Նոյն Սննդակարգերը Տարբեր Կերպ Կ՝ազդեն Մարդոց Վրայ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

26 Ocak 2016  

Նոյն Սննդակարգերը Տարբեր Կերպ Կ՝ազդեն Մարդոց Վրայ


Սննդակարգը, որ կը համապատասխանէ մէկուն, կրնայ օգուտ չտալ ուրիշին: Սննդականոնի մասնագէտներ պարզած են, թէ որն է ասոր պատճառը:


Հետազօտութեան համաձայն, մարդիկ, իրենց աղիքային համակարգէն կախուած, սնունդը կը մարսեն տարբեր կերպով: Այն մթերքները, որոնք չեն ազդեր մէկուն արեան մէջ շաքարի մակարդակին վրայ, կրնան ուրիշի մը արեան մէջ կլիւքոզի մակարդակի կտրուկ աճի յանգեցնել: Ասիկա իմանալով` սննդականոնի մասնագէտները նկատելի առաջընթաց արձանագրած են իւրաքանչիւրի համար ճիշդ սննդակարգ մշակելու հարցով:


Հետազօտութեան մասնակցած է տարբեր կշիռք ունեցող 800 մարդ: Փորձարկուողներուն առաջարկուած է միանման սնունդ, որպէսզի հետեւին, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրի մարմինը ինչպէս կ՝արձագանգէ նոյն մթերքին: Մասնակիցները իրենց մօտ պիտի նշէին, թէ իրենց ամենօրեայ կեանքին մէջ ինչ սնունդ կ՝ընդունին։


Նշանակալի է, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարող կնոջ մը մօտ կանոնաւոր կերպով լոլիկ ուտելու պատճառով կտրուկ բարձրացած էր արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Ատիկա զարմանալի է, որովհետեւ լոլիկը, իբրեւ կանոն, կը պատկանի այն մթերքներու շարքին, որոնք չեն ազդեր արեան մէջ կլիւքոզի պարունակութեան:


Իրականացած փորձարկումը ապացուցած է, որ նոյն մթերքները չեն կրնար նոյն օգտակարութիւնը ունենալ:


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+