Այլեւայլ : Ամանոր, Նոր Տարի
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Ամանոր, Նոր Տարի

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

15 Aralık 2015  

Ամանոր, Նոր Տարի

Յունուար 1-ին տարին սկսելու եւ Նոր Տարուան սկիզբի տօն նշելու սովորոյթը հայոց մէջ ընդհանրացած է վերջին հարիւրամեակին: Արեւմտահայոց մէջ, Կիլիկիոյ տարածքի հայերուն մէջ, մասամբ՝ արեւելահայ որոշ ազգագաւառներու եւ հայկական շարք մը գաղթօճախներու մէջ 19-րդ դարու Նոր Տարին կը նշուէր Յունուար 1-ին եւ ունէր բաւական կայունացած արարողակարգ:


Սակայն մինչեւ 20-րդ հարիւրամեակի սկիզբը՝ արեւելահայ որոշ շրջաններու մէջ՝ Նոր Տարուան զուգահեռ, աւելի խանդավառ ու ջերմօրէն կը նշէին Նաւասարդը՝ իբրեւ Նոր Տարի, եւ Նաւասարդը նշող շրջաններու մէջ Յունուար 1-ին Նոր Տարին նշելը կը սահմանափակուէր ընդամէնը իրար շնորհաւորելով:

Այնուամենայնիւ տօնակատարութիւնը արդէն կը կայունանար եւ այնտեղ կ’ամրագրուէին տարեմուտին կամ Նոր Տարուան բնորոշ սովորոյթները:


Տօնի անունները հայոց մեջ տարբեր էին: Կը յիշուին Ամանոր, Տարեմուտ, Տարին Գլուխ, Նոր Տարի, Կաղանդ, Կաղինդ, Կալոնտար ձեւերը, Նոր Տարուան նախորդող գիշերն ալ յայտնի էր Լոլէի գիշեր, Խլվլիկ, Կախ կամ Կաղ, Գօտեկախ անուններով, իսկ համշենահայերու համար՝ Ծաղկըմուտ: Այս բոլոր անունները ունին իրենց բացատրութիւնները: Նախ՝ Կաղանդ, Կաղինդ, Կալոնտար ձեւերը գործածուած են գլխաւորապէս արեւմտահայոց միջավայրի մէջ, յունական ազդեցութեամբ: Արեւելահայոց մէջ առաւել տարածուած էին Նոր Տարի, Տարեմուտ ձեւերը: «Լոլէի գիշեր» անունը, թերեւս, կու գայ այն հանգամանքէն, որ Նոր Տարուան նախորդող օրը հայոց մէջ թխուող հացատեսակներու շարքին՝ «փուռնիկ», «կլոճ» եւ այլն, կը յիշատակուի նաեւ «լոլիկը»: Կախ կամ Կաղ բառերը կը բացատրուին այդ գիշեր պահուստի թարմ միրգի «կախանները» տուն բերելու եւ առաստաղէն կախելու, «գօտեկախը»՝ պատանեկան գիշերային շրջայցերու ժամանակ երդիքէն գօտիով գուլպաներ կամ զամբիւղներ կախելու եւ տօնական մթերքներ հաւաքելու սովորոյթով:


Նոյն կերպով որոշ տարբերութիւններ կային ծիսական սովորութիւններու կատարման ձեւերուն մէջ, սակայն անոնք իրենց բովանդակութեամբ ընդհանուր էին:


Ամանորի սովորոյթները կը խմբաւորուին հետեւեալ երեւոյթներուն շուրջ.
– բնակարանը, բնակավայրը եւ մարդու մարմինն ու հոգին մաքրելը, յարդարելը,
– ծիսական ուտեստը,
– ծիսական այցելութիւնները,
– գուշակութիւնները (անձնական, ընտանեկան, համայնքային, ազգային),
– յաջողութիւնը ապահովելուն միտուած եւ չարը կանխարգելող հմայական գործողութիւնները, խօսքերը, ծիսական մաղթանքները:

“Հայ ժողովրդական տօները”՝ Հրանոյշ Խառատեան

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+