Այլեւայլ : Vitamin C-ի Անբաւարարութիւնը Մարմնի Մէջ Ինչպէ՞ս կը Դրսեւորուի
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Այլեւայլ : Vitamin C-ի Անբաւարարութիւնը Մարմնի Մէջ Ինչպէ՞ս կը Դրսեւորուի

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

03 Ekim 2015  

Vitamin C-ի Անբաւարարութիւնը Մարմնի Մէջ Ինչպէ՞ս կը Դրսեւորուի


Vitamin C-ն կարեւոր նշանակութիւն ունի նիւթափոխանակութեան, առանձնապէս սպիտակուցներու իւրացման, շարակցական հիւսուածքի բնականոն վիճակի ապահովման, հիւսուածքներու վերականգնման համար: Vitamin C-ի անբաւարարութեան պարագային կը բարձրանայ արիւնատար անօթներու թափանցելիութիւնը, կը խախտուի աճառային ու ոսկրային հիւսուածքներու կառուցուածքը եւ կը յառաջանայ լնտախտ:


Vitamin C-ն կարելի է գտնել բանջարեղէններու, միրգերու, հատապտուղներու, յատկապէս գետնախնձորի, կանաչ սոխի, լոլիկի, պղպեղի մէջ, ինչպէս նաեւ սեւ հաղարջի, մորիի, թրթնջուկի, կիտրոնի, նարինջի եւ այլն:


Սննդամթերքի մէջ Vitamin C-ի պարունակութեան վրայ կ՝ազդեն անոնց պահպանման եղանակը, տեւողութիւնը եւ խոհարարական մշակումը: Vitamin C-ն արագ կը քայքայուի մաքրուած բանջարեղէնին մէջ: Խնձորը պահելէ 3 ամիս անց կը կորսնցնէ Vitamin C-ի 16 %-ը, 6 ամիս յետոյ` 25 %-ը: Գետնախնձորը մաքրուելով կը կորսնցնէ Vitamin C-ի 16-22 %-ը: Բանջարեղէնը տաք ջուրով եփելով պահպանած կ՝ըլլանք Vitamin C-ն` գրեթէ լրիւ, պաղ ջուրի մէջ 25-35 %-ը կը կորսուի: Առանձնապէս շատ կը քայքայուի (մօտ 30 %) բանջարեղէնի ապուրները տաքցնելու ժամանակ: Լաւ կը պահպանուի թթու միջավայրի մէջ, մետաղներու ազդեցութենէն կը քայքայուի: Պղինձի, կապարի, զինքի եւ այլ մետաղներու նոյնիսկ փոքր քանակը (որ կ՝անցնի կաթսայէն), կը քայքայէ ասգորպինաթթուն: Ուստի աւելի յարմար է կերակուրը եփել այլումինիում, արծնապատ կամ չժանգոտուող մետաղէ կաթսաներու մէջ:


Ի՞նչ կը պատահի Vitamin C-ի անբաւարարութեան պարագային


Սկզբնական շրջանին ընդհանուր թուլութիւն, թորշոմածութիւն, արագ յոգնելիութիւն, քնկոտութիւն, գլխապտոյտ: Նշուած երեւոյթները աւելի յաճախ ի յայտ կու գան գարնան ընթացքին: Այնուհետեւ կը նկատուի շրթունքներու,ականջներու, քիթի, եղունգներու կապտութիւն, լինտերը կ՝ուռին եւ կ՝արիւնահոսին, բերանէն կը զգացուի տհաճ հոտ, կը շարժին եւ մինչեւ անգամ կրնար իյնալ ակռաները: Կտրուկ կերպով կը նուազի մարմնի դիմադրողականութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու հանդէպ:


+