�
�
Մակուլեար բջիջը 55-ը անց մարդոց կուրնալու առաջին պատճառներէն մէկն է: Անոր հիմնական պատճառը ցանցաթաղանթի կեդրոնական մասի տարիքային վնասուածքն է: Այս հիւանդութիւնը բուժելը անհնար է, սակայն կարելի է նկատելիօրէն նուազեցնել անոր յառաջացման վտանգը, եթէ ձեր աչքերը առողջ են, կամ նուազեցնել անոր հետեւանքով կուրնալու վտանգը, եթէ հիւանդութիւնը արդէն սկսած է:
�
Բժիշկները խորհուրդ կու տան ճիշդ սնուիլ, քանի որ սննդամթերքի մէջ պարունակուող նիւթերը շատ կարեւոր են մեր աչքերու առողջութեան համար: Բժիշկները խորհուրդ կու տան սառնարանին մէջ միշտ ունենալ հետեւեալ մթերքները.
�
Վիթամին A` լեարդ, ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնամթերք.
�
Գարդենոիտներ (պեթա քարօթին, լիւթէին եւ այլն ). կարմիր պղպեղ, մանկօ, կաղամբ, այլ գունաւոր բանջարեղէններ ու պտուղներ.
�
Վիթամին D3. սաղմոն, թոն, սարտին, հորթի լեարդ, կաթ.
�
Վիթամին C. պտուղներ, ծաղկակաղամբ, կանաչ կաղամբ.
�
Վիթամին E` պրոքոլի, գետնանուշ, նուշ, աւոքատօ, արեւածաղիկի սերմեր.
�
Օմեկա 3 ճարպաթթուներ` իւղոտ ձուկ, վուշի սերմեր, յունական ընկոյզ, դդում, թոֆու.
�
Զինգ` ոստրէ, ընկոյզ, ամբողջական հատիկներ.
�
Լիգոբին` լոլիկ, ձմերուկ, վարդագոյն թուրինճ.
�
Հակաօքսիտանդներ. լոռամիրգ, հապալաս, նուռ.
�
Բժիշկները նաեւ խորհուրդ կու տան սպանախով աղցանին մէջ աւելցնել քիչ մը նարինջ կամ ելակ, ասոնք կ’ապահովեն վիթամին C-ն, որ կը նպաստէ բուսական աղբիւրներէն ստացուող երկաթի իւրացման: Իսկ սպանախով ու ելակով սաղմոնը տեսողութեան համար իտէալական կերակրատեսակ է:
�