Այլեւայլ : Երիտասարդացնող Միրգեր եւ Բանջարեղէններ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Աղջամուղջ

Այլեւայլ : Երիտասարդացնող Միրգեր եւ Բանջարեղէններ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

12 Eylül 2015  

Երիտասարդացնող Միրգեր եւ Բանջարեղէններ

Որոշ միրգեր օգտակար են ոչ միայն կազմուածքի ու առողջութեան համար, այլ նաեւ արտաքին տեսքի: Անոնք կ՝օգնեն հարթեցնել կնճիռները, մազերուն փայլ կը հաղորդեն, աւելի ամուր կը դարձնեն եղունգները:


Քանի մը միրգ, որոնք, ըստ սննդագէտներու, կրնան երիտասարդացնել ձեզ:


Ձմերուկ։ Ձմերուկը կը պարունակէ մեծ քանակով լիգոբեն` հակաօքսիտանդ, որ կ՝օգնէ պաշտպանուիլ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն դէմ: Յատկանշական է, որ ձմերուկներուն մէջ այս նիւթը 40 տոկոսով աւել է, քան լոլիկներուն, որոնք յայտնի են իրենց հակաօքսիտանդ յատկութիւններով:


Նուռ։ Նուռը կը պարունակէ մեծ քանակով հակաօքսիտանդներ` մանսաւորապէս, Vitamin C, որ կ՝օգնէ ազատուելու կնճիռներէն եւ մաշկը վնասող մասնիկներէն: Անոնք կ՝օգնեն նաեւ ազատուելու անդրմանիշակագոյն ճառագայթման իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած ճառագայթումէն:


Հաղարջ։ Հաղարջը նոյնպէս կը պարունակէ մեծ քանակով C ու E կենսանիւթեր` հակաօքսիտանդներ, որոնք մաշկը կը դարձնեն աւելի վառ ու առողջ:


Աւոքատօ։ Աւոքատօն կը պարունակէ Օմէկա-9 ճարպաթթու, որ կ՝օգնէ մաշկը խոնաւ ու փափուկ պահպանելու:


Դդում։ Դդումը կը պարունակէ պեթա-քարօթին, որ կը նպաստէ մաշկի նոր բջիջներու աճին:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+