10 Eylül 2015
Բրիտանացի գիտնականները համեմատած են խնձորի, պանանի, կիտրոնի, նարինջի ազդեցութիւնը մարդու մարմնի վրայ:
Անոնք նաեւ հետազօտած են` արդեօ՞ք խնձորի օգտակար յատկութիւնները կը փոխուին` կախուած պտուղի կեղեւի գոյնէն: Պարզուած է, որ խնձորը, անկախ գոյնէն, կը կանխարգիլէ ուռուցքներու յառաջացումը մարմնի մէջ:
Կանաչ խնձորի պտղամիսին մէջ համեմատաբար բարձր է բեգդինի պարունակութիւնը: Խնձորի բոլոր տեսակները կը նպաստեն ոսկորներու եւ ակռաներու ամրացման, սակայն կանաչը առաւել օգտակար է:
Դեղին խնձորը կը լաւացնէ սրտի աշխատանքը, կը սրէ տեսողութիւնը եւ կը նպաստէ մարմնի դիմադրողականութեան բարձրացման:
Կարմիր խնձորը կը խթանէ ուղեղի աշխատանքը, խորհուրդ կը տրուի ուտել միզապարկի ու միզուղիներու հիւանդութիւններու պարագային: