31 Ağustos 2015
1.Մեղրաջուրը իսկական հրաշալի միջոց է, որ հասանելի է բոլորին: Մեղրաջուրը հրաշալի կերպով կ՝ազդէ մարմնի վրայ:
Մէկ թէյի դգալ մեղրը լուծել մէկ գաւաթ ջուրի մէջ: Մեղրը ջուրի մէջ պիտի ստեղծէ լաստերային կապեր, որոնք կը բարձրացնեն անոր բուժական յատկանիշները: Մեղրաջուրը ամբողջութեամբ եւ դիւրութեամբ կ՝իւրացուի մարմնի մէջ:
2.Մեղրաջուրը կը լաւացնէ մարսողական համակարգը:
3.Կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը: Կ՝անցնէ քրոնիկ հարբուխները, պրոնշիթները, թոքերէն դուրս կը հանէ խորխը:
4.Մեղրաջուրը ունի նաեւ հակավարակային յատկանիշներ:
5.Ամբողջ մարմինը կը մաքրէ բջիջային մակարդակով:
6.Կը լաւացնէ հաստ աղիքին աշխատանքը։
Մեղրաջուրը պէտք է խմել առաւօտեան` դատարկ ստամոքսին: Մեղրաջրի մէկ բաժակը պէտք է խմել մէկ անգամով, ասիկա շատ կարեւոր է: Ստամոքսի փականը կը բացուի, եւ մեղրաջուրը անմիջապէս կը լեցուի աղիներ, որմէ ետք կը ներծծուի արեան մէջ:
Մեղրաջուրով կրնաք մաքրել նաեւ դէմքը: Անիկա կը սնուցանէ մաշկը` կը դարձնէ աւելի փափուկ եւ նուրբ: Ասիկա դիմահարդարման բնական միջոց է, որ ամենահինն ու ամենաժամանակակիցն է միաժամանակ: