28 Ağustos 2015
Նուռը բժշկութեան մէջ ամենահին ժամանակներէն օգտագործուող պտուղներէն մէկն է, ան հայկական մշակոյթի մէջ կեանքի խորհրդանիշ է:
Նուռի հիւթը հարուստ է շաքարով, կիտրոնաթթուով, C եւ B կենսանիւթերով: Ան կը բանայ ախորժակը, կը կարգաւորէ ստամոքսի աշխատանքը: Նուռի հիւթը խորհուրդ կը տրուի խմել 4 անգամ, ուտելէն 20 րոպէ առաջ: Թթու նուռը կ’օգտագործուի ստամոքսի բորբոքման եւ սրտային հիւանդութիւններու համար:Նուռը կը նուազեցնէ սթրեսի մակարդակը եւ նոյնիսկ կը բարելաւէ սեռական կեանքի որակը: Իսկ վերջերս ալ գիտնականները յայտարարեցին, որ նուռը կը համարուի երիտասարդութեան աղբիւր: Նուռի ամենօրեայ օգտագործումը կը դադաղեցնէ DNT-ի ծերացման գործընթացը:..