Այլեւայլ : Ի՞նչ Կրնայ Փոխուիլ, Եթէ Սկսիք Թէյը Խմել Առանց Շաքարի
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Ի՞նչ Կրնայ Փոխուիլ, Եթէ Սկսիք Թէյը Խմել Առանց Շաքարի

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

23 Ağustos 2015  

Ի՞նչ Կրնայ Փոխուիլ, Եթէ Սկսիք Թէյը Խմել Առանց Շաքարի




Նախ նշենք, որ շաքարը ինքնըստինքեան չարիք չէ: Խնդիրը այն է, որ շաքար կ՝աւելցուի գրեթէ բոլոր մթերքներուն մէջ: Մեր մարմնին մէջ շաքարի աւելցուկը կը յանգեցնէ մշտական յոգնածութեան, աւելորդ կշիռքի, գրգռուածութեան եւ, նոյնիսկ, ճնշախտի:


Երկրորդ` դուք չէք կրնար շաքարէն ընդհանրապէս հրաժարիլ: Թէկուզ այն պատճառով, որ խանութներուն մէջ առկայ բոլոր վերամշակուած մթերքները այսպէս, թէ այնպէս, շաքար կը պարունակեն: Սակայն դուք կրնաք հրաժարիլ սուրճի կամ թէյի մէջ շաքարի օգտագործումէն, եւ ատիկա հրաշալի որոշում կրնայ ըլլալ:

Հինգ առաւելութիւն, որոնք այդ պարագային պիտի ստանաք


Դուք պիտի դառնաք աւելի շարժունակ. Մեզմէ շատերը, երբ յոգնած ու ջարդուած կը զգան, քաղցր սուրճ կը խմեն եւ, հաւանաբար, որեւէ քաղցր բան կ՝ուտեն։ Ոմանք ալ ուժ տուող ըմպելիքներ կը նախընտրեն: Սակայն այդ սովորութիւնը, իրականութեան մէջ, ձեզմէ ուժ կը խլէ եւ ոչ թէ կու տայ։

Սկզբունքը հետեւեալն է. երբ քաղցր կը խմէք կամ կ՝ուտէք, արեան մէջ ակնթարթօրէն կ՝աւելնայ շաքարի մակարդակը, եւ դուք ուժի ներհոսք կը զգաք: Սակայն այդ ազդեցութիւնը շուտ կ՝անցնի` շուրջ 15 վայրկեան անց: Եւ դուք կրկին յոգնածութիւն եւ գրգռուածութիւն կը զգաք, ընդ որուն` աւելի ուժգին, քան առաջ:


Այս փակ շրջանը խզել կարելի է միայն մէկ եղանակով. օգտագործել քոֆէին, սակայն առանց շաքարի: Այդ պարագային մարմնի մէջ եղած շաքարի մակարդակի վայր ի վերումները չեն փճացներ ձեր տրամադրութիւնը եւ կենսունակութիւնը չեն նուազեցներ:


Ձեր կշիռքը կը կարգաւորուի. Այստեղ նոյնպէս գործ ունինք փակ շրջանի հետ: Եթէ դուք որեւէ քաղցր բան կերած էք, կարճ ժամանակ անց մարմինը կրկին պիտի պահանջէ: Ընդ որուն, պիտի պահանջէ աւելի «յարձակողական» կերպով, քան առաջ: Այս է պատճառը, որ գիտնականները կ՝ըսեն, թէ շաքարը, թմրանիւթի նման, կախուածութիւն կ՝առաջացնէ:

Բոլորին յայտնի է, որ շաքարը ախորժակ կը բանայ: Որքան քաղցը ուտէք, այնքան շուտ պիտի ուզէք կրկին ուտել: Փորձեցէք թէյը խմել առանց շաքարի եւ քաղցրեցէնի, պիտի նկատէք, որ կտրած էք այդ փակ շրջանը:


Ձեր ստամոքսը երկու անգամ աւելի արդիւնաւէտ պիտի աշխատի. Շաքարը վնասակար է, իսկ բջիջանիւթը` օգտակար: Եթէ դուք քաղցրեղէնը փոխարինէք միրգերով ու բանջարեղէնով, իսկ թէյն ու սուրճը սկսիք խմել առանց շաքարի, աղեստամոքսային համակարգը ձեզանմէ շնորհակալ պիտի ըլլայ: Նիւթափոխանակութիւնը պիտի արագանայ, եւ դուք արագ պիտի վերադառնաք բնականոն կեանք:

Պիտի դադրիք կրքոտութեամբ քաղցրեղէն ուզելէն. Փաստ է. որքան շատ շաքար ուտէք, այդքան շատ պիտի փափաքիք ուտել զայն: Կրկին ու կրկրն: Վերջ ի վերջոյ` այդ փակ շրջանը կրնայ փշրել ձեր կեանքը: Սկզբունքը նոյնն է, ինչպէս թմրանիւթերու պարագային. որպէսզի հաճոյք ստացուի, պէտք է մեծցնել չափաբաժիննները:


Բացառեցէք շաքարը տաք խմիչքներէն եւ պիտի նկատէք, որ աւելի քիչ քաղցրեղէն սկսած էք ուտել: Քանի մը ամիս ետք, պիտի ապշիք. երբեմնի համեղ թուացող քաղցրեղէնները չափէն դուրս քաղցր պիտի թուին:


Ձեր մաշկն աւելի առողջ տեսք պիտի ունենայ. Բշտիկները եւ սեւ կէտերը աստիճանաբար պիտի վերանան: Քանի մը ամիս անց դուք պիտի դադրիք մաշկի համար այդքան շատ քսուկներ գնել:


Որքան շուտ սկսիք վարժուիլ նոր սովորութիւններուն, այդքան շուտ պիտի սկսիք քաղել ձեր յաջողութեան պտուղները: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` մենք շաքարի տեսքով պէտք է ընդունինք օրական անհրաժեշտ ջերմուժի ոչ աւելի, քան 5%-ը:


Սկսինք քիչով: Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր կերածին ու խմածին վրայ: Անոնց մէջ շաքարի պարունակութեան: Հրաժարեցէք այն ամէնէն, որ կարելի է հրաժարիլ: Կ’անցնի շատ քիչ ժամանակ, եւ դուք կը վարժուէք:



Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+