16 Ağustos 2015
Սեխը կը յագեցնէ քաղցրի պահանջը` առանց աւելորդ քիլոկրամներ աւելցնելու: Անիկա ունի շատ առողջարար յատկանիշներ:
Սեխը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը, սրտի զարկերը եւ կը կանխարգիլէ կաթուածը,
Սեխը կը լաւացնէ դիմադրողականութիւնը։ Վիթամին C-ն հակաթոյն է, որ կարեւոր դեր կը կատարէ մարմնին մէջ` հիւսուածքներու զարգացման եւ պահպանման համար: Անիկա հրաշալի կերպով կը բուժէ վնասուածքները, կ՝ամրացնէ ոսկորներն ու ատամները:
Կը պայքարի քաղցկեղի դէմ։ Սեխը կը պարունակէ քարօթին, լիգոբեն եւ վիթամին C, որ կը կանխարգիլէ սրտի հիւանդութիւնները եւ շագանակագեղձի, կրծքագեղձի քաղցկեղը, ինչպէս նաեւ` թոքերու եւ աղիներու քաղցկեղը:
Սեխը կ՝օգտագործուի երիկամներու քարերու, մժեղներու խայթոցի, այրուածքներու եւ ստամոքսի ու աղիքներու հիւանդութիւններու պարագային: Անիկա կ՝օգնէ մարսողական համակարգի բորբոքումներուն ժամանակ: