Այլեւայլ : Եգիպտացորենը Բնութեան Իրական Հրաշքն է
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Եգիպտացորենը Բնութեան Իրական Հրաշքն է

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

08 Ağustos 2015  

Եգիպտացորենը Բնութեան Իրական Հրաշքն է





Եգիպտացորենը միակ լայն սպառում ունեցող մթերքն է, որուն բոլոր մասերը ոսկի կը պարունակեն, 100 կրամ հատիկները կը պարունակեն 0,5 միքրոկրամ Au, մինչ մարդու մարմնի պահանջարկը կը տատանուի 2-4 մկ սահմաններուն մէջ:

Ոսկիի ազդեցութիւնը մարմնի վրայ՝


* Չափահաս մարդու մարմնին մէջ կայ մօտ 10 մկ Au, որուն մօտաւորապէս կէսը կը գտնուի ոսկորներուն մէջ, մնացեալը լեարդին ու երիկամներուն մէջ:

Ոսկիի կենսաբանական դերը մարդու մարմնին մէջ կարօտ է յետագայ ուսումնասիրութեան, սակայն յայտնի են որոշ օգտակար յատկութիւններ:


* Անիկա կը խթանէ մարմնի մէջ պղինձի իւրացման:


* Կը նպաստէ խոնաւցնող յատուկ նիւթերու աշխոյժացման:


* Յատուկ հաշուարկուած չափերը կը կիրառուին աթերոսքլերոզի, օսթէոխոնտրոզի, փարոտոնդոզի, լեարդի հիւանդութիւններու, ընկճախտիպարագային:


* Ոսկին կը զօրացնէ արծաթի հակաբորբոքային յատկութիւնները, ունի հակավարակային ազդեցութիւն:


* Կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը:


Ոսկիի եւ եօտի համադրութիւնը.

* Եօտացուած ոսկին յայտնի է իբրեւ հակակաղծրախտային (սքլերոզ) դեղորայք, որ չունի հակացուցումներ եւ յաճախ կը կիրառուի ծերացող մարմնին բնորոշ հիւանդութիւններու բուժման համար: Ասիկա հնագոյն ժամանակներէն յայտնի միջոց է:


* Ոսկիի տարբեր` աղային միացութիւններու հիմքին վրայ կը պատրաստուին դեղորայք որոշ հիւանդութիւններու, ինչպէս փսորիազի հետեւանքով յառաջացած արթրիտի բուժման համար:


Նման դեղերը կրնան յառաջացնել թունաւորում` չարաշահելու պարագային:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+