Մամլոյ Հաղորդագ& -
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
(Օգոստոս 2007)
Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը գործակցութեամբ Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20: Քննութիւնները` Օգոստոս 21ին: Ժամանում` 30-31 Յուլիսին մեկնում` Օգոստոս 22-23ին: Դասընթացքը ունի երեք մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պետք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ ՀԵՌԱՊԱՏՃԷՆԻ (ֆաքս) թիւ մը եւ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՓՈՍՏԻ (E-M) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով` ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ կէսօրէ վերջերը ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ և ՀԱՅ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է` 670 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 450 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մայիսի 31ը: Այս թուականէն վերջ այդ սակը 500 Եւրոյի պիտի բարձրանայ: Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը վճարուի ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց` որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք քոյր եղբայր կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԵՏ ՉԻ ԴԱՐՁՈՒԻՐ:
Ամէն վճարագիր (չէք) որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ պէտք է հասցէագրուի միայն` ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի` Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Eurasiatici – San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Կը խնդրուի չդիմել դրամատնային փոխանցումի (bank transfer) միջնորդչէքի բարձր սակերուն պատճառով: Ամէն պարագայի դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստային ճամբով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխագիրներու միջոցով որ է` mandat-poste international / international money-order.
Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը (Residenza Abazia)` պատմական Վենետիկի մէջ օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 22 ներառեալ ամբողջ շրջանին համար բնակութեան սակն է` 800 € առանձին սենեակի մէջ 600 € երկու հոգինոց սենեակի մէջ: Բնակութեան վճարը ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը Համալսարանի սեղանատան մէջ պիտի արժէ 7€:
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐու համար հեռապատճենել +39.041.2414448 թիւին կամ ել-գիր մը ղրկել հետեւեալ հասցէին` daniela@padus-araxes.com: Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին երկուշաբթի եւ հինգշաբթի առաւօտները ժամը 9.30-12.30 և կամ +39.347.4562981 թիւին երեքշաբթի չորեքշաբթի և ուրբաթ իրիկունները ժամը 20-22 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչին` նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com