Մարտինի Տէրիկ գա - Haber Arşivi 2001-2011
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Haber Arşivi 2001-2011 :

07 Eylül 2005  

Մարտինի Տէրիկ գա -

Մարտինի Տէրիկ գա

Մարտինի Տէրիկ գաւառակի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ 2-5 Սեպտեմբեր 2005 թուականներուն։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Արժ. Տ. Միւռոն Աւագ Քահանայ Այվազեան, որ ուխտաւոր ժողովուրդի հետ 2 Սեպտեմբեր, Ուրբաթ առաւօտ, օդային ճամբով հասաւ Տիգրանակերտ։ Մեծամասնութիւնը Տէրիկցի շուրջ քառասուն ուխտաւորներ Տիգրանակերտէն փոխադրամիջոցներով անցան Տէրիկ, ուր հասնելէ յետոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ճաշու ժամերգութիւն։ Նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն, ժամը 14.30-ին, Արժ. Տ. Միւռոն Աւագ Քահանայի գլխաւորութեամբ տեղւոյն փոքրաթիւ համայնքի անդամները քաղաքավարական այցելութիւն տուին Տէրիկի քաղաքապետ՝ Ռամազան Քափանայի։ Տէր Հայրը այս հանդիպումին քաղաքապետին փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ պիտի համարէր վայելել Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։ Ուխտաւորները չկրցան Տէրիկի Գաւառապետարանը քաղաքավարական այցելութիւն տալ, քանի որ Գաւառապետը կը բացակայէր։ Քաղաքապետարանէ յետոյ, ուխտաւորներ շրջակայ տեսարժան վայրերը այցելեցին եւ ժամը 22.00-ին կատարուեցաւ Հսկումի արարողութիւն։ Շաբաթ երեկոյեան կատարուեցաւ Կիրակամտից եւ հսկման ժամերգութիւն։ Իսկ Կիրակի առաւօտուն, Արժ. Տ. Միւռոն Աւագ Քահանան Ս. Պատարագ մատոյց։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Ուրարակիր Տիրան Դպիր Ներկիզեան, որ Տէրիկցի ընտանիքի զաւակ է եւ ուխտագնացութեան տեւողութեան ամբողջ ընթացքին օժանդակեց Տէր Հօր։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Արժ. Տ. Միւռոն Աւագ Քահանան աւուր պատշաճի խրատական խօսեցաւ եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց թէ տեղացի եւ թէ ուխտաւոր հաւատացեալներուն։ Տէր Հայրը շնորհաւորեց նաեւ ուխտաւոր ժողովուրդը, որ կու գար թէ շէնցնելու իր ծննդավայրի Ս. Գէորգ Եկեղեցին եւ թէ աղօթակցելու քաղաքի փոքրաթիւ համայնքի անդամներուն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան ի Քրիստոս ննջած Տէրիկցի հաւատացեալները։ Եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքի Հայոց գերազմանատունը, ուր եւս կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցներով ուխտաւորները փոխադրուեցան քաղաքի մօտակայ ճաշարաններէն մին, ուր Քաղաքապետ Ռամազան Քափանայ ճաշասեղանով պատուասիրեց Տէր Հայրը եւ ուխտաւորները։ Սեղանին վրայ Տէր Հայրը յանուն ուխտաւոր ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրընկալութեան համար։ 5 Սեպտեմբեր, Երկուշաբթի առաւօտ, ուխտաւորները §Ճանապարհ¦ի աղօթքէն յետոյ վերադարձան Տիգրանակերտ, ուր այցելեցին քաղաքի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին։ Յարակից Ս. Յակոբ մատրան մէջ կատարուեցաւ Ճաշու ժամ, որու աւարտին Արժ. Տ. Միւռոն Աւագ Քահանան եւ ուխտաւորներ ժամը 09.30-ին օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+