Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի» - Հայերէն
11 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

11 Kasım 2026  

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի» -

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի» Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ մտադիր է երկրին համար աշխարհիկ նոր սահմանադրութիւն մը մշակել` շեշտելով, որ հակառակ երկրին մերձակայքին մէջ տիրող անկայունութեան, Թուրքիան դէպի իր ապագան կ՛ուղղուի պետութեան ու ժողովուրդին միասնականութեամբ: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

Էրտողան Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մահուան ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզենք մեր երկրին տրամադրել մեր մեծագոյն ծառայութիւններէն մէկը` հրապարակելով մեր ազգին համար աշխարհիկ սահմանադրութիւն մը, որ թրքական ժողովրդավարութեան հասունութեան ապացոյց նկատուի»:

Անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին` Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ իր երկիրը «մեծ յառաջընթաց արձանագրեց ահաբեկչութեան խնդիրի ամբողջական լուծման ուղղութեամբ, խնդիր մը, որ շուրջ կէս դար Թուրքիոյ համար ծանր բեռ եղած էր»:

«Խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ամրապնդենք ոչ միայն մեր սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ անոնցմէ դուրս», նշեց Էրտողան:

Ըստ անոր, իր երկիրը «103 տարի առաջ իր հաւատքով, վճռականութեամբ ու ամբողջ ուժով ձախողութեան մատնեց կեղտոտ խաղերը` իր կրած զրկանքի եւ դժուարութեան պայմաններուն մէջ»:

Էրտողան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը «կը շարունակէ նոր նախաձեռնութիւններու ճամբով ամրապնդել իր ներքին ճակատը` ներքին ու արտաքին յարձակումներու դէմ իր անառիկ բերդը»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+