Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն» - Հայերէն
11 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

11 Kasım 2026  

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն» -

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն» Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դուռը Երեւանի համար չի փակուիր, Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն պիտի չվտարեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու յանձնախումբի միացեալ նիստէն ետք:

«Մենք` իբրեւ օրինապահ մարդիկ, որոնք հաւատարիմ են իրենց պայմանագրային պարտաւորութիւններուն, այսօր համաձայնութեան եկանք պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման ներկայացնելու ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու աշխատանքի ընդունման կասեցման եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի քուէի իրաւունքի կասեցման մասին որոշումը` ճիշդ մեր կազմակերպութեան կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածին համապատասխան, որուն մէջ կ՛ըսուի. եթէ ՀԱՊԿ-ի պիւտճէի պարտքը կը գերազանցէ 2-ամեայ ժամկէտը, ապա երկիրը պէտք է զրկուի քուէի իրաւունքէն: Բայց մենք դուռը չենք փակեր», նշած է Լաւրով:

«Ինծի կը թուի, թէ երբ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ըսէ. «Ես, ի հարկէ, կ՛երթամ Եւրոպական Միութիւն, ինձմէ հանրաքուէ կը պահանջեն, որպէսզի հայ ժողովուրդը ընտրէ, թէ ո՛ւր իրեն համար աւելի լաւ է` Եւրասիական տնտեսական միութեա՞ն մէջ, թէ՞ Եւրոպական Միութեան, ես այդ ընտրութիւնը կ՛ընեմ, երբ պաշտօնապէս դիմում ներկայացնեմ եւ ինծի ատոր պատասխանեն», ատիկա արդէն ընտրութիւն պիտի չըլլայ, ատիկա ժողովուրդը պիտի կանգնեցնէ կատարուած իրողութեան առջեւ», նշած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, մօտաւորապէս նոյն տրամաբանութիւնը կը նկատուի ՀԱՊԿ-ի առնչութեամբ, երբ Երեւան կը յայտարարէ, թէ կազմակերպութիւնը այլեւս չի համապատասխաներ երկրի շահերուն, որովհետեւ չ՛ապահովեր անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կարիքները: Սակայն եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է դուրս գալ: Սակայն եթէ կ՛ուզեն, որ մենք Հայաստանը վտարենք, մենք ատիկա պիտի չընենք»:

Լաւրով լրագրողներուն ալ յայտնեց, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ-էն եւ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու պաշտօնական դիմում չէ ներկայացուցած:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+