Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը - Հայերէն
11 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

19 Ekim 2026  

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը -

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններու լարուածութեան տարողութիւնը նոր տարածքներ կը գրաւէ: Երեւոյթը կ՛ենթարկուի զանազան մեկնաբանութիւններու:

Խնդիրին մեկնակէտը Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ գլխաշորի օգտագործման արգելքի որոշումն է:

Եթէ մնանք հարցի կրօնական սահմաններուն մէջ, ապա պէտք է նկատել Թուրքիոյ իսլամական վարչակարգին եւ Ազրպէյճանի պետական համակարգին աշխարհիկ բնոյթ ունենալու հիմնական տարբերութիւնը: Աւելցնենք առաջինին սիւննի դաւանանքը եւ երկրորդին` շիի ուղղութեան հետեւիլը:

Ազրպէյճանի դէմ արտաքին, եւ այս պարագային` հիմնականին մէջ Անգարայէն ուղղորդուած եւ ներքին` ներազրպէյճանական դժգոհութիւններն ու բողոքի դրսեւորումները կրօնականէն հասարակական հարթութիւն անցում կատարած են արդէն:

Ընդունինք սակայն, որ չկան զուտ կրօնական եւ բացառապէս հասարակական-ընկերային գործընթացներ, այլ ի սկզբանէ կան շատ արագ վերափոխուող քաղաքական շարժառիթներ, դրդապատճառներ եւ միտումներ:

Հետեւաբար քանի մը հանգամանք անպայման պէտք է լուսարձակի տակ առնել` ընթացող իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար:

Անվերջ կրկնուող «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» բանաձեւը առաւելաբար կը յանկերգուէր Անգարայի կողմէ: Պարզ էր, որ երկու պետութիւններէն կրտսերի կարգավիճակ ունեցողը Ազրպէյճանն էր, որ իր ռազմական եւ արտաքին քաղաքականութեան կայացման զանազան փուլերուն կը յենէր եւ կը յենի Թուրքիոյ վրայ:

Երէց-կրտսերի այս յիշեցումը բազմիցս կը կատարուէր Անգարայի վարիչներուն կողմէ, Պաքուն Անգարայէն կախեալ պահելու նպատակով: Անմիջապէս պէտք է յիշել Թուրքիոյ նախագահին ինքնախոստովանանքը` «ինչպէս որ մտանք Սուրիա, Ղարաբաղ, այնպէս ալ կը մտնենք Կազա»: Այս յայտարարութիւնը, եթէ մէկ կողմէ զգուշացում էր Իսրայէլին Կազայի հատուածով, ապա ուղերձ էր Ազրպէյճանին, որ Արցախի պատերազմի արդիւնքը Պաքուն կը պարտի Անգարային:

Եթէ որոշ սահմաններու մէջ ընդունինք, որ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունի լարուածութիւն Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ, եւ իրաւամբ կան շահերու բախումներ, ապա մանրադիտակի տակ պէտք է բերել Անգարա – Պաքու շահերու բախման կէտերը, որոնք երեւցան նաեւ միջազգային ատեաններու մէջ երէց եւ կրտսեր եղբայրներու բոլորովին տարբեր, երբեմն նոյնիսկ հռետորաբանութիւններուն մէջ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Անգարայի ներկայացուցիչները լքեցին ժողովասրահը, Իսրայէլի վարչապետին խօսած պահուն, մինչ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները շարունակեցին մնալ եւ ունկնդրել Թուրքիան իբրեւ ցեղասպան պետութիւն ամբաստանած Նեթանիահուին քաղաքական ուղերձը: Իսկ այստեղ ուղերձները, սրահը լքելու կամ մնալու առումներով, ուղղուած էին Իրանին: Թուրքիան ոչ միայն արաբական աշխարհին, այլ նաեւ Իրանի հաշուարկը կ՛ընէր այս ձեւով:

Անհրաժեշտ է գիտակցիլ սակայն, որ յատկապէս Արցախի պատերազմին լիարժէք կը գործէր Իսրայէլ-Թուրքիա-Ազրպէյճան դաշինքը: Այդ պատերազմի գլխաւոր արդիւնքներէն էր իսրայէլեան յենակէտերու յայտնուիլը իրանամերձ տարածքներու վրայ:

Ռազմավարական այս հաշուարկներն ու իրողութիւնները կը համոզեն, որ լարուածութիւններն ու հռետորաբանական հակասութիւնները երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան, երբ ռազմավարական առանցքները գործի կ՛անցնին: Այս իրականութեան մէջ ալ քաղաքականօրէն պարզ կը դառնայ Իսրայէլի գործադիր իշխանութենէն օրէնսդիր դաշտ չանցնիլը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:

Այլ խօսքով` յայտարարողական լարուածութեան իրաւաքաղաքականի չանցումը:

Շարունակենք քաղաքական ուղերձներ փոխանակելու այս ընթացքը վերլուծել հայկական առնչութիւն ունեցող գործընթացներու նկատառումով: Յայտնապէս Անգարան որոշ ազդակներ ուղարկած է Երեւան, ուրկէ կը հնչեն սահմանի բացման մօտալուտ ըլլալուն կամ յանկարծակի կայանալուն մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ:

Այս երեւոյթը եւս պէտք է դիտարկել Անգարա-Պաքու այսօրուան յարաբերութիւններու նկատառումով: Անգարան, իր կրտսեր եղբօր հաշուարկի հոգատարութեամբ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորումը կը փոխկապակցէր Երեւան-Պաքու հակամարտութեան լուծումին: Հիմա սահմանի բացումին մօտալուտ ըլլալուն մասին յայտարարութիւններ հրապարակել տալով, այդ փոխկապակցուածութեան կանոնը խախտելու կարելիութեան մասին կը խօսուի: Սահմանը կը ստանայ խաղաթուղթի կարգավիճակ Անգարայի ձեռքին` Պաքուն զգուշացնելու:

Այս հանգամանքները կը յուշեն, որ գլխաշորի սուր հարցին ետին կան քաղաքական էութեամբ հիմնական խնդիրներ, որոնք սակայն ռազմավարական առանցքային դրուածք ունեցող դաշինքներուն չեն սպառնար: Երէց եւ կրտսեր եղբայրները տակաւին շատ բան ունին համակարգելիք եւ իրականացնելիք թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+