Հանգիստ Մոնս. Սապրի Անար Եպս.Ի -
Հանգիստ Մոնս. Սապրի Անար Եպս.Ի
Թուրքիոյ Քաղդէական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Մոնս. Սապրի Անար Եպս., Ֆրանսայի մէջ, ուր կը դարմանուէր, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։
Մոնս. Սապրի Անար իր կոչումին հաւատարիմ հոգեւորական մըն էր, որ օգտաշատ ծառայութիւն մատուցած էր իրեն վստահուած համայնքին եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր ծառայութեամբ վկայած՝ Քրիստոսի մասին։ Անոր վախճանումը կորուստ մըն է ոչ միայն Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլեւ բոլոր եկեղեցիներուն եւ համայն մարդկութեան համար։
Տիրոջ կամքին առջեւ խոնարհելով՝ կ՚աղօթենք, որ Ան մխիթարութեան հոգի պարգեւէ վշտահար համայնքի անդամներուն եւ ի Քրիստոս եղբայրակից եկեղեցիներու հաւատացեալներուն։
Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան Քորեպս.ի անձին մէջ, Պատրիարքական Աթոռիս, մեր Հոգեւորականաց Ժողովին, հոգեւորականներուս, համայնքային հաստատութիւններուն եւ մեր համայնքին անունով՝ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք քոյր Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայնքին։
Սիրով կը յայտնենք, թէ Կիրակի օր, Աստուծոյ Անմահ Գառնուկին առջեւ, հանգուցեալը պիտի յիշատակուի եւ անոր հոգւոյն հանգստեան համար աղօթք պիտի վերառաքուի։
Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com