Նեթանիահու Կը Քննադատէ Մամտանին - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

22 Temmuz 2026  

Նեթանիահու Կը Քննադատէ Մամտանին -

Նեթանիահու Կը Քննադատէ Մամտանին Նեթանիահու Կը Քննադատէ Մամտանին

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Միջազգային քրէական դատարանը ձեւական դատարան մըն է, որ ամերիկացիներու եւ իսրայէլացիներու վրայ որեւէ իրաւական իշխանութիւն չունի: Նեթանիահուի ձերբակալման շինծու հրամանագիրը հրապարակուեցաւ դատարանի նախկին դատախազ Քարիմ Խանի կողմէ, որ քանի մը օր առաջ իր վարկը կորսնցուց, սեռային վատ վարմունքի վերաբերեալ պնդումներու բացայայտումէն ետք»:

«Ատիկա Խանին կողմէ բացայայտ փորձ էր հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը շեղելու եւ հետաքննութենէ ինքզինք պաշտպանելու համար», նշեց գրասենեակը:

«Իսրայէլ Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ աննախադէպ պատերազմական միջոցներու ձեռնարկած է` Համասի հետ բախումի ընթացքին քաղաքային բնակչութեան հասցուած վնասը նուազագոյնի հասցնելու համար: Խանի յանցաւոր վարքագիծին աջակցելու փոխարէն, Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զահրան Մամտանի պէտք է կեդրոնանայ Նիւ Եորքի մէջ անոր քաղաքականութեան պատճառած վնասը սրբագրելու վրայ», աւելցուց Նեթանիահուի գրասենեակը:

«Ինչպէս Քարիմ Խանին պարագան է, կը թուի, թէ Մամտանի հետաքրքրուած է հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղելով իր անմտութիւններէն եւ յարձակում գործելով հրէական ու Միջին Արեւելքի մէջ միակ ժողովրդավարական պետութեան վրայ», նշեց Նեթանիահուի գրասենեակը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+