Թուրքիոյ Մէջ Բացայայտած Են Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրները - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

22 Temmuz 2026  

Թուրքիոյ Մէջ Բացայայտած Են Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրները -

Թուրքիոյ Մէջ Բացայայտած Են  Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրները Թուրքիոյ Մէջ Բացայայտած Են Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրները

Թուրքիոյ զինեալ ուժերու պաշտօնաթող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պիւյիւքպաշ կը պնդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ 2016 թուականին մահափորձ կը նախապատրաստուէր Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի` 1981 թուականի սպանութեան բեմագրութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Զօրավարին համաձայն, 15 յուլիս 2016-ին կատարուած պետական յեղաշրջման փորձէն քիչ առաջ Թուրքիոյ նախագահը պէտք էր մասնակցէր զինուորական ռազմափորձերու, սակայն ծրագիրը չեղեալ նկատուած էր` կասկածելի գործունէութիւն յայտնաբերելէ ետք: Պիւյիւքպաշ կը պնդէ, որ աւելի ուշ պարզուած է, որ Էրտողանի դէմ մահափորձը ծրագրաւորուած էր 1981 թուականին Գահիրէի մէջ զինուորական շքերթի ժամանակ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի սպանութեան նմանութեամբ:

«Մինչեւ յեղաշրջման փորձը նախագահ Էրտողանի դէմ քանի մը մահափորձ կը նախապատրաստուէր», «Ենի Աքիթ» օրաթերթը կը մէջբերէ Պիւյիւքպաշի խօսքերը:

Պաշտօնաթող զօրավարին տուեալներով` յեղաշրջման փորձէն երեք ամիս առաջ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ՖԵԹՕ կազմակերպութեան կողմնակիցները եւս ծրագրած էին նախագահը Մարմարիսի մէջ առեւանգել, հասցնել «Տալաման» օդակայան, նստեցնել օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութեան օդանաւ եւ այնտեղ սպաննել:

Պիւյիւքպաշի պնդումով` հետաքննութեան նիւթերուն մէջ գոյութիւն ունի զուիցերիական «Ալթինաթի Էրոնոթիքս» ընկերութեան օդանաւը, որ շտապ թռիչք առնելու արտօնութիւն խնդրած էր Էրտողանի` «Տալաման» ժամանելէն քիչ առաջ եւ չեղեալ նկատուած թռիչքը նախագահի կողմէ օդակայանը լքելէն անմիջապէս ետք: Զօրավարը նաեւ աւելցուցած է, որ գործին մէջ կը նշուին այդ օդանաւի օտարերկրեայ ճամբորդներու մասին, որոնք այնուհետեւ լքած են Թուրքիան:

Յիշեցնենք, որ 15 յուլիս 2016-ի գիշերը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ պետական յեղաշրջման փորձ մը, որուն պատճառով աւելի քան 250 զոհ արձանագրուեցաւ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+