Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

15 Temmuz 2026  

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը -

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը

Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախատեսուած քուէարկութիւնը կասեցուած է կառավարութեան կողմէ, կը հաղորդեն իսրայէլեան լրատուամիջոցներ:

Քուէարկութեան յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարը խախտուած է: Անիկա նաեւ կը յաջորդէ Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր ամերիկեան արդիական «Էֆ-35» ռազմական օդանաւեր ծախել Անգարային:

Անցեալ ամիս, Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած էր 1915-ի ջարդերը ցեղասպանութիւն որակելու առաջարկին, սակայն խորհրդարանին մէջ նախատեսուած վերջնական քուէարկութիւնը, «Ճէյ.Էն.Էս»-ի տեղեկութիւններով, կասեցուած է կառավարութեան միջամտութեամբ:

Խորհրդարանը այս շաբթուան վերջաւորութեան պիտի սկսի ամառնային արձակուրդի եւ աշխատանքի պիտի վերսկսի 27 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+