Գրիգորեան Եւրոպական Միութեան Նոր Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հա - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

15 Temmuz 2026  

Գրիգորեան Եւրոպական Միութեան Նոր Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հա -

Գրիգորեան Եւրոպական Միութեան  Նոր Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ  Քննարկած Է Համագործակցութեան Հա Գրիգորեան Եւրոպական Միութեան Նոր Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր գործընկերութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար եւ կառավարող տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթի գլխաւորութեամբ:

«Ողջունած եմ առաքելութեան ստեղծումն ու տեղակայումը Հայաստանի մէջ` կարեւոր նկատելով վերջին տարիներուն Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող բազմակողմանի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած կարողութիւններու զարգացման շուրջ իրականացուող միջոցառումները», նշուած է Գրիգորեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+