Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները, Մինչ Հաւաքական -
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները, Մինչ Հաւաքական Ընդդիմութիւնը Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց Կատարեց
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ արտահերթ նիստ գումարելով հրապարակեց ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, հետեւեալ ձեւով`
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ 340.006 քուէ կամ 23,2710 տոկոս:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 58.287 քուէ կամ 3,9893 տոկոս:
«Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 726.819 քուէ կամ 49,7456 տոկոս:
«Հայաստան» դաշինքը` 144.983 քուէ կամ 9,9231 տոկոս:
Նիստին զուգահեռ հաւաքական ընդդիմութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր: Հաւաքուածները կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ նոր ընտրութիւններ կայացնել:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին դիմաց երեք ուժերու` «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի, «Հայաստան» դաշինքի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները պաստառներով իրենց պահանջները կը ներկայացնէին:
Ընդդիմադիր գործիչները բողոքի ցոյցի ընթացքին կը նշէին, որ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ եւ անոնց նախորդող ընտրական ժամանակաշրջանին համակարգուած համատարած ընտրախախտումներ տեղի ունեցած են»:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի շէնքին մօտ եւ յարակից փողոցներուն մէջ ոստիկանական ուժեր կենտրոնացած էին:
Վարչական դատարանը նախանցեալ օր ուշ գիշերին մերժած էր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին դէմ ներկայացուած երկու հայցերը, «սակայն դատաւոր Արթուր Աւագեանը արձանագրած է խախտում եւ վերաքուէարկութիւն նշանակելու անհրաժեշտութիւն», յայտնած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան բանբեր Իվետա Տօնոյեան:
Այս շաբաթ ընտրատարածքային յանձնախումբերուն մէջ տեղի ունեցած վերահաշուարկէն ետք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ձայները աւելցան 147-ով, սակայն ատոր զուգահեռ 222-ով պակսեցան` 3 ընտրատեղամասերու` 35/ 65-ի, 10/51-ի եւ 12/13-ի արդիւնքները անվաւեր ճանչնալէ ետք:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com