Ակնարկ. Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

15 Haziran 2026  

Ակնարկ. Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները -

Ակնարկ.  Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները Ակնարկ. Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները

Միացեալ Նահանգներ-Իրան հրադադարի շուրջ կայանալիք համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին բազմաթիւ լրատուութիւններ կը շրջանառուէին: «Իսլամապատի համաձայնութիւն» ձեւակերպումը իր վրայ կեդրոնացուցած էր համաշխարհային լրատուադաշտի ուշադրութիւնը: Թէեւ այս տեսարանը դիտուած ժապաւէնի տպաւորութիւնը կը ձգէր` տրուած ըլլալով, որ այս իրավիճակի նախադէպը քանի մը անգամ հրամցուած էր դիպաշարի հետեւողներուն: «Կողմերը շատ մօտ են համաձայնութեան եւ կը ճշդեն վերջին մանրամասնութիւնները»: «Իրանի դէմ պատերազմը աւարտած է», հերթական անգամ կը յայտարարէր Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Իրանի մօտեցումը աւելի զուսպ էր, Թեհրանէն կը հնչէին ամերիկեան պայմաններուն չենթարկուելու տրամադրութիւնները փոխանցող յայտարարութիւններ, մինչ կը հրապարակուէին համաձայնուած կէտեր, որոնց շուրջ կը ծաւալէր մեկնաբանութիւն:

Թնճուկային խնդիրի կը վերածուէր իսրայէլեան անհանգստութիւնը այս բոլորին մէջ: Իսրայէլ Լիբանանի մէջ չէ աւարտած իր առաջադրանքը, մինչ իր դաշնակիցը կը համաձայնէր իր անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքին հետ: Ահա՛ հանգուցուած կէտը: Թեհրան կը շարունակէր պահանջել արտաքին բոլոր ճակատներու վրայ կրակի դադրեցումը, յատկապէս ընդգծելով Լիբանանը, իսկ Իսրայէլ իր ռազմական յարձակումները իրականացնելու համար բաց պատուհան մը, կարելիութիւն մը կ՛ուզէր ձեռք ձգել: Եթէ նկատէր, որ լիբանանեան դաշտին մէջ Հըզպալլան զինուորական տեղաշարժներ կ՛արձանագրէ, հակադարձելու եւ զսպելու իրաւունք կը պահանջէր: Ասիկա ամբողջ համաձայնութիւնը խախտելու իրաւունքի պահանջ էր:

Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը այս հանգոյցին նկատմամբ նախ տարակուսելի էր. սկիզբը աւելի շատ բեմադրական, հեռաձայնային զրոյցի բովանդակութեան հրապարակումով, յետոյ իբրեւ թէ սաստելով, հիմա ալ մեղադրելով. «Պէյրութի վրայ յարձակումը պէտք չէր տեղի ունենար: Մենք եզրին ենք հասնելու համաձայնութեան մը, որ շրջանին, ներառեալ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ. հետեւաբար բոլոր կողմերը պէտք է կրակը դադրեցնեն»:

Հիմա աւելի խոր դիտարկումով երկուութիւն մը կը պարզուի: Ուաշինկթըն կա՛մ չի կրնար պարտադրել Թել Աւիւին դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ, կա՛մ ալ դերերու բաշխումով կը թոյլատրէ, որ իրականանան յարձակումները:

Ներկայ գերարդիական գործիքակազմերով  բարդ չէ պարզելը նախայարձակը: Միացեալ Նահանգները կրնան իրազեկ դառնալ, որ Իսրայէլ կը հակադարձէ՞, թէ՞ կը յարձակի:

Տարածաշրջանային հակամարտութեան ծանրութիւնը, այս հանգամանքները նկատի ունենալով, այս պահու դրութեամբ Իսրայէլին վրայ է: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ մնացեալ կէտերուն շուրջ իսկապէս կայացած է համաձայնութիւն, ապա Իսրայէլ կ՛առանձնանայ այս բոլորին մէջ համաձայնութիւնը խախտելու առումով:

Այս խաղը տեղ մը  կ՛աւարտի անպայման: Հրադադարը խանգարելու իսրայէլեան փորձերը հետզհետէ կը կորսնցնեն խուսանաւումի կարելիութիւնները: Յիշենք,  յայտարարողական-գործնական դիպաշարը: Իրանին հզօրագոյն հարուածներ հասցնելու ամերիկեան խոստումը, Չինաստանի դիւանագիտական յորդորը` անմիջապէս կրակը դադրեցնելու եւ բանակցային սեղան վերադառնալու եւ ամերիկեան մեծ յարձակումի որոշումի չեղեալ նկատուիլը. ապա համաձայնագիրի կնքումի վայրի մասին լուրերը, միջնորդ Փաքիստանի համաձայնութիւնը հաստատող հրապարակումները… եւ Իսրայէլի յարձակումն ու Թրամփի ափսոսանք-մեղադրանքը կամ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը խափանողը մատնացոյց ընելը:

Ուշագրաւը այն էր, որ Թրամփ Փութինին տեղեկացուցած էր, որ համաձայնութիւնը կրնայ հրապարակուիլ այսօր: Մինչ, Իրան կը խոստանար հրթիռային հարուածներ հասցնել Իսրայէլին ի պատասխան Լիբանանի վրայ կատարած իր յարձակումներուն:

Գնդակը կը գլորուի ամերիկեան-իսրայէլեան դաշտին մէջ: Շատ դժուար չէ հետեւցնելը` Ուաշինկթըն կ՛ուզէ՞ զսպել, թէ՞ ոչ Իսրայէլը:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+