Ադամանդակուռ Պանակէն Եւ... Տիգրան Կիւլմէզկիլը - Gündem
27 Haziran 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վահագն / Ժամ : Արփող

Gündem :

23 Haziran 2025  

Ադամանդակուռ Պանակէն Եւ... Տիգրան Կիւլմէզկիլը -

Ադամանդակուռ Պանակէն Եւ... Տիգրան Կիւլմէզկիլը Ադամանդակուռ Պանակէն Եւ... Տիգրան Կիւլմէզկիլը

Վերջին անգամ ե՞րբ էր որ տեսայ մեր սիրելի Կիւլմէզկիլ բարեկամը չեմ գիտեր, բայց ե՞րբ էր որ առաջին անգամ տեսած էի, շատ լաւ կը յիշեմ։ Պատրիարքարանի մէջ ժողով ունէինք մենք այդ շրջանի մեր գրական ընկերներով։ Մեսրոպ Պատրիարքը մեզ Մայր եկեղեցւոյ սրահը կանչեց, խնդրեց որ սպասենք քիչ մը տրուած ըլլալով որ ան պիտի նախագահէր ժողովին։ Սրահին մէջ անկիւնը նստանք ու սպասեցինք։

Քանի մը վայրկեան վերջ սրահէն ներս մուտք գործեց անձ մը, զոր չէի ճանչնար։ Ան ալ թերեւս զիս չէր ճանչնար։ Մօտեցաւ Մեսրոպ Սրբազանին եւ պզտիկ տուփ մը երկարեց։ Մեսրոպ Պատրիարքը բացաւ տուփը եւ նայեցաւ, աւելի վերջ ալ տուփի տերը ցոյց տուաւ։ Տուփին մէջ, եթէ սխալ չեմ յիշեր, ադամանդակուռ պանակէ մըն էր։ Խորապէս տպաւորուեցայ։ Հասկցայ անշուշտ որ այդ անձը Պատրիարքին որպէս նուէր բերած էր այդ թանկագին պանակէն։
Քանի որ հոն էինք, Մեսրոպ Սրբազան մեզի մօտեցաւ, ցոյց տալով այդ արժէքաւոր նուէրը։ Յետոյ ծանօթացուց։ Մեզի անծանօթ անուն մըն էր։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Զարմացայ որ այսքան թանկագին նուէր մը Պատրիարքին կը յանձնուէր առանց փողի-թմբուկի։

Այսպէս է որ կը ճանչնայի անձ մը որ կարճ ժամանակ վերջ պիտի դառնար մեր համայնքին սիրելի նուիրատուներէն մէկը եւ բարերարը։ Չեմ գիտեր թէ Կիւլմէզկիլ հետաքրրուեցաւ մեզմով։ Բայց աւելի վերջ ան դարձաւ իմ շատ սիրելի բարեկամներէս մէկը։ Սէր եւ բացառիկ յարգանք կը տածէր հայ մշակոյթի, մեր հայատառ թերթերուն նկատմամբ եւ այդ յարգանքը ցոյց կուտար շօշափելի զօրակցութեամբ։

Հիմա այդ սիրելի բարեկամը մեզի հետ չէ այլեւս։ Հիւանդութեան պատճառով վերջին անգամ մը չկրցայ տեսնել զինքը։ Ասոր համար ցաւ կը զգամ։ Բայց խնդիր չէ։ Վստահ եմ որ անոր անունը դեռ շատ երկար ժամանակ պիտի փայլի, ինչպէս կը փայլէր ադամանդակուռ պանակէն։

Գրեց՝ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ






Bu haber facebook kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (facebook) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(facebook). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+