​Ամէն բան պատրաստ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար - Հայերէն
09 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարերի / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

08 Mayıs 2025  

​Ամէն բան պատրաստ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար -

​Ամէն բան պատրաստ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար ​Ամէն բան պատրաստ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար

Չորեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, ընտրող 133 կարդինալները հանդիսաւոր թափօրով կ՛ուղղուին դէպի Սիքստինեան մատուռ, ուր սկիզբ կ՛ առնէ Քոնքլավը, Պապընտիր դռնփակ Ժողովը։

Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետի արտասանած «extra omnes» (բոլորը դուրս), նախադասութենէն ետքը, ընտրող Կարդինալներէն բացի, բոլոր միւսները դուրս կու գան Սիքստինեան Մատուռէն, այնտեղ կը մնան Արարողապետը եւ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որուն ըստ Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան, յանձնուած է պարտականութիւնը ընթերցելու ընտրող Կարդինալներու համար երկրորդ խորհրդածութիւնը։ Խորհրդածութեան աւարտին, Եկեղեցականը եւ Արարողապետը եւս դուրս կու գան Մատուռէն եւ սկիզբ կը տրուի քուէարկութիւններու արարողակարգին։

Ինչպէս արդէն յայտնի է ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին, ընտրող Կարդինալները պէտք չէ կապ ունենան դուրսի աշխարհին հետ, ու պիտի ապրին «փակեալ» իրավիճակ մը։

Վերջին Քոնքլավէն 12 տարի ետքը անգամ մը եւս Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալական Դասը կանչուած է ընտրելու Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան, որ պատահեցաւ անցեալ 21 ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին յաջորդ օրը, որ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին Օր մեռելոց է եւ ըստ Լատինական ծէսին Հրեշտակի Երկուշաբթին, խորհրդանշելու համար այն հրեշտակը, որ Քրիստոսի յարութենէն ետքը հանդիպեցաւ գերեզմանը այցելով կիներուն անոնց աւետելով Աստուածային Վարդապետին յարութիւնը։

Եւ ահա ճիշտ այդ օր, ժողովուրդէն շատ սիրուած ու ժողովուրդին մօտիկ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս, հոգին աւանդեց առ Հայր, նախորդ օրը իր նախագահած վերջին «Ուրպէ էթ Օրպի» աղօթքէն ետքը, որուն աւարտին ուզած էր նաեւ շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին, հակառակ իր փխրուն առողջութեան, ողջունելու համար Սուրբ Զատկուան առիթով Հռոմ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները, անգամ մը եւս անոնց վստահեցնելով թէ ինք մօտիկ է իրենց ու կարծես վերջին հրաժեշտը տալու անոնց եւ Քահանայապետութիւնը աւարտելու այնպէս ինչպէս որ սկսած էր` 13 Մարտ 2013-ին, ժողովուրդի ու հաւատացեալներու հետ միասին։

Քահանայապետին մահը անակնկալ էր բայց ոչ ալ այնքան մեծ անակնկալ, Անոր առողջութիւնը վերջին ամիսներուն բաւականին վատթարացած էր, ու զԱյն մղած մտնելու հիւանդանոց, Ճեմելլի հիւանդանոց, այնտեղ խնամելու համար երկկողմանի թոքաբորբը, որ հիւծեց զինք, թէեւ չկարողացաւ ոչնչացնել Անոր գորովն ու քաջ Հովիւի արիութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապի մահով Սուրբ Աթոռի ու Վատիկանի մէջ յայտարարուեցաւ «Թափուր Աթոռը», որ այն ժամանակահատուածն է, որ կ՛ընթանայ Քահանայապետի մը մահէն մինչեւ նոր Քահանայապետի մը ընտրութիւնը, որուն ընթացքին կը դադրին Վերատեսչութիւններու Վերատեսուչներուն պաշտօնները, բացի որոշ Վերատեսչութիւններէ ու որոշ պաշտօններէ, ինչպէս է պարագան Քամերլենկոյին, Առաքելական Աթոռի սենեկապետին, որուն կ՛իյնայ աշխարհին հաղորդել Քահանայապետին մահը ու իր հսկողութեան տակ առնել Առաքելական Պալատի կառավարումը։ Թափուր Աթոռի ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր անցուդարձները պարունակուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի օրով 22 Փետրուար 1996-ին հրատարակուած Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան մէջ, որ նուիրուած է Թափուր Աթոռին ու նոր Քահանայապետի ընտրութեան, Պապընտիր դռնփակ ժողով ` Քոնքլավին։

Վերոնշեալ սահմանադրութեան կանոններու ոյժով, «Առաքելական Աթոռի թափուրութեան ընթացքին», Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը կը վստահուի Կարդինալական միաբանական Դասին, բայց միմիայն սովորական եւ անյետաձգելի գործերու կատարման համար, ինչպէս նաեւ նախապատրաստելու ամէն բան՝ որ անհրաժեշտ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար եւ ահա ճիշտ այս ուղղութեամբ է, որ Ֆրանչիսկոս Պապին մահուընէ ետքը, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ սկիզբ առին Կարդինալական Պապընտիր ժողովի նախապատրաստական Կարդինալներու Միաբանական Ժողովները, որոնք գումարուեցան 12 նիստերով ու աւարտեցան երէկ` երեքշաբթի 6 Մայիսի կէսօրին, որոնց ընթացքին, անոնք քննարկեցին ու որոշումներ կայացուցին որոշ հրատապ հարցերու մասին, որոնցմէ առաջինը եղաւ սահմանել օրն ու արարքները որոնց համաձայն հանգուցեալ Քահանայապետի աճիւնը փոխադրուեցաւ Վատիկանի Տաճար՝ ներկայացուելու համար հաւատացեալներու մեծարանքին, ապա տնօրինել անհրաժեշտ ամէն բան Քահանայապետի Յուղարկաւորութեան համար ու անոր յաջորդող Իննօրեայ պատարագներուն, նախապատրաստել տալ «Domus Sanctae Marthae» հիւրանոցի սենեակները՝ ընտրող Կարդինալներու բնակութեան համար, ու պատրաստել տալ նաեւ Սիքստեան Մատուռը՝ ընտրութիւններուն վերաբերող գործերու համար...որոշել նաեւ ընտրական գործընթացի սկզբնաւորման օրը եւ ժամը։ Անոնք ապա որոշում կայացուցին երբ եւ ինչպէս ջնջել Քահանայապետի Ձկնորսի Մատանին եւ կապարէ Կնիքը, որով կ'առաքուէին Առաքելական Նամակները եւ այս մէկը պատահեցաւ երէկ` Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ գումարուած վերջին միաբանական ժողովի ժամանակ։

Պըպնտիր ժողովի Կարդինալական նախապատրաստական միաբանական ժողովներու ընթացքին Ծիրանաւորները քննարկեցին նաեւ Եկեղեցին ու աշխարհը յուզող հարցերը ապա միասնաբար ջանացին ներկայացնել ուղեցոյց մը, այդ հարցերը դիմագրաւելու ու այդ հարցերու դիմագրաւման պատասխանատուութիւնը ստանձնող նոր Քահանայապետին կերպարը առաջարկելու։

Բազմաթիւ եղան արդարեւ Ժողովներու ընթացքին տեղի ունեցած ելոյթները որոնք անդրադարձան նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին թողած ժառանգութեան ու Եկեղեցւոյ ապագայի հեռանկարին։ Եւ ահա այժմ, այս ուղեւորութեան աւարտին անոնք կանչուած են աշխարհին ու Եկեղեցւոյ տալու` Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, Հովիւը` որուն Քրիստոս` Տէրը, յանձնեց պարտականութիւնը «արածելու իր ոչխարները»։

“Աղօթենք` որ Սուրբ Հոգին ներշնչէ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հայրապետները եւ Եկեղեցւոյ համար պարգեւէ Քահանայապետ մը որ ըլլայ Սուրբ ու ամբողջովին նուիրուած Աստուծոյ Ժողովուրդի ծառայութեան”






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+