​Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն առաջին ծուխը` սեւ, մոխրագոյնՍպասելով նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը - Հայերէն
08 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարերի / Օր : Միհր / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

07 Mayıs 2025  

​Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն առաջին ծուխը` սեւ, մոխրագոյնՍպասելով նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը -

​Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն առաջին ծուխը` սեւ, մոխրագոյնՍպասելով նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը ​Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն առաջին ծուխը` սեւ, մոխրագոյնՍպասելով նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը

Սիքստինեան մարտան մէջ կայացած` Պապընտիր դռնփակ ժողովի - Քոնքլավի - ընթացքին տեղի ունեցած առաջին օրուայ առաջին ու միակ քուէարկութիւնը հասաւ իր աւարտին եւ Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն երեկոյեան ժամը ինին դուրս եկաւ առաջին ծուխը` որուն գոյնը սակայն մոխրագոյն էր եւ կը նշանակէ թէ քուէարկութիւնը չի հանգեցաւ արդիւնքի, ու թէ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալները վաղը առաւօտուն դարձեալ պիտի մտնեն Սիքստինեան Մատուռ ու այնտեղ շարունակեն իրենց դռնփակ ժողովը ու քուէարկութիւնները։

Մինչ այդ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած էին 45 հազարէ աւելի հաւատացեալներ ու հազարաւոր լրագրողներ որոնք ուզած էին ականատես ուն վկան ըլլալ այս պատմական դէպքին։

Առաջին քուէարկութեան աւարտին Ծիրանաւորները դուրս եկան Սիքստինեան մատուռէն եւ ուղղուեցան զանոնք հիւրընկալով Տոմուս Սանթա Մարթա ուր ունեցան ընթրիքը շարունակելով սակայն պահպանել իրենց «փակեալներու» կեանքը ոչ մէկ շփում ունենալով արտաքին աշխարհին հետ։ Եւ Ճիշտ այս իսկ պատճառաւ Վատիկան Պետութիւնը որդեգրած է որոշ անվտանգութեան միջոցներ, երաշխաւորելու համար Ծիրանաւորներուն «փակեալ» կեանքի ընթացքը։

Վաղուընէ սկսեալ այս պիտի ըլլայ օրականա ժամանակացոյցը.

7:45 Սանթա Մարթայէն փոխադրութիւն Առաքելական Պալատ

8:15 Պատարագ եւ գոհաբանական աղօթք` Պօղոսեան Մատրան մէջ

9:15 Ժամասացութիւն Սիքստինեան մատրան մէջ։

Ճերմակ ծուխերը կարելի են` ժամը 10,30-ին ու ժամը 12էն ետքը

Սեւ ծուխի պարագային միայն ժամը 12-էն ետքը

12:30 Վերադարձ Սանթա Մարթա եւ ճաշ

15:45 Փոխադրութիւն Առաքելական Պալատ

16:30 Քուէարկութիւն

Ճերմակ ծուխերը կարելի են` ժամը 17,30-ին կամ 19 էն ետքը

Սեւ ծուխի պարագային միայն ժամը 19-էն ետքը

Օրակարագը կ՜աւարտի Ժամասացութեան աղօթքով, ապա 19,30-ին վերադարձ կատարելով Սանթա Մարթա, եթէ մինչ այդ չընտրուի Նոր Քահանայապետը։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+