Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու նոր օրակարգ -
Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու նոր օրակարգ
Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգը մտած է հունի մէջ՝ հանդիպումներու, բանակցութիւններու եւ հետագայ քայլերու ընդգրկումով։
Այս շաբաթ կարեւոր զարգացումներ արձանագրուեցան։
Երէկ, 24 Մարտին, Եւրոմիութեան ու Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի 4-րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպուեցաւ միջոցառում մը։ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ու Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին գործընկերութեան սերտացումը, ճամբու քարտէսի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեցին համաձայնագրի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու ուղիները։ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս վերահաստատեց վերոյիշեալ համաձայնագիրը՝ որպէս Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու հիմնական իրաւական շրջանակ։ Ան ըսաւ որ համագործակցութիւնը լիարժէք պիտի ըլլայ, ընդգրկելով Համապարփակ գործընկերութեան ամբողջ ներոյժը՝ յատկապէս տնտեսութեան մարզի մէջ Եւրոմիութեան չափանիշները ներդնելու առումով։
Հաղորդուեցաւ որ յառաջիկային պիտի վերջանան բանակցութիւնները գործընկերութեան նոր օրակարգի մը շուրջ, որ պիտի ընդլայնէ համագործակցութիւնը ապահովութեան ոլորտի բարեփոխումներու եւ մուտքի արտօնագրերը ազատականացնելու բնագաւառներու մէջ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com