​Արամ Նիկողոսեան» Ձմեռնային Բ. Խաղերը՝ Գարակէօզեան Վարժարանի Երդիքին Տակ - Հայերէն
01 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Արեգ / Օր : Արեգ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

26 Mart 2025  

​Արամ Նիկողոսեան» Ձմեռնային Բ. Խաղերը՝ Գարակէօզեան Վարժարանի Երդիքին Տակ -

​Արամ Նիկողոսեան» Ձմեռնային Բ. Խաղերը՝ Գարակէօզեան Վարժարանի Երդիքին Տակ ​Արամ Նիկողոսեան» Ձմեռնային Բ. Խաղերը՝ Գարակէօզեան Վարժարանի Երդիքին Տակ

Ծանօթ է որ անցեալ տարի, Գարակէօզեան վարժարանի 110րդ ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս կայացած էին «Արամ Նիկողոսեան» ձմեռնային խաղերը, մասնակցութեամբ քոյր վարժարաններու վոլէյպոլի ու պասքէթպոլի խումբերուն։ Մրցաշարքի ստեղծած խանդավառութենէն մեկնելով, տնօրէնութիւնն ու Խնամակալութիւնը «աւանդական»ի շունչ հաղորդեցին անոր։

Մրցաշարքը այս տարի կայացաւ 17-19 Մարտին։ Մրցումները լեցուն էին ոգեւորիչ պահերով՝ թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ուսուցիչներուն համար։ Մասնակցեցաւ 11 քոյր վարժարան։

Նախաձեռնոոթիւնը, որ կը համադրէ դպրոցական խումբերու միջեւ ընկերութիւնը եւ մրցակցութիւնը, աշակերտներուն անգամ մը եւս յիշեցուց ո՛չ միայն մարզանքի, այլ խմբային ոգին եւ միասնականութեան արժէքը։ Ե. եւ Զ. դասարաններու միջեւ կայացած պասքէթպոլի եւ վոլէյպոլի խաղերուն արդիւնքները հետեւեալներն են՝

Պասքէթպոլի դափնեկիրներ՝
Առաջին հանդիսացաւ՝ Թոփգաբու Լեւոն Վարդուհեան վարժարանը, երկրորդ՝ Գարակէօզեան վարժարանը, իսկ երրորդ՝ Մխիթարեան վարժարանը։

Վոլէյպոլի դափնեկիրներ՝
Առաջին հանդիսացաւ՝ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը, երկրորդ՝ Բանկալթը Մխիթարեան վարժարանը, իսկ երրորդ՝ Տատեան վարժարանը։
Խաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն, որու ընթացքին դափնեկիր աշակերտները ստացան իրենց բաժակներն ու մետայլները։







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+