Այցելութիւն՝ գերշ. Տ. գարեգին արքեպս. Պէքճեանին -
Այցելութիւն՝ գերշ. Տ. գարեգին արքեպս. Պէքճեանին
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Յուլիս 2024, Ուրբաթ, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի սենեակին մէջ այցելեց Աթոռոյս երիցագոյն միաբան՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանը:
Ինչպէս ծանօթ է, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. հանգստեան կոչուած ըլլալով, փափաքած էր վերադառնալ իր ծննդավայրը եւ 15 Յուլիս 2024, Երկուշաբթի, ժամանած էր քաղաքս եւ հաստատուած՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց:
Նորին Ամենապատուութիւնը, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս.ի հետ հանդիպում ունեցաւ Հիւանդանոցի հանգստարանի բաժնի յարկաբաժնին մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետը բարի գալուստ մաղթեց Սրբագան Հօր եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ իր հետ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ առողջական մտահոգիչ անհանգստութիւն մը չունի։ Սրբազան Հօր առողջական վիճակով հետաքրքրուող բժիշկներ եւս հաստատեցին Սրբազան Հօր արտայայտութիւնը եւ յայտնեցին, թէ Սրբազան Հայրը կը խնամուի Ազգին Տան երդիքին տակ:
Մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութիւն յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռի երիցագոյն միաբանը կրկին քաղաքս հաստատուած է եւ արեւշատ ու առողջ օրեր մաղթեց իրեն:
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com