Մահ՝ Արամ Գամպուրեանի -
Մահ՝ Արամ Գամպուրեանի
Մարմարա-ի ընտանիքը կորսնցուց իր երկարամեայ եւ հաւատաւոր աշխատակիցը
Սուգ է Մարմարա-ի ընտանիքին համար։ Կորսնցուցինք թերթիս սմէնէն հաւատարիմ եւ երկարամեայ աշխատակից Արամ Գամպուրեանը, որուն կեանքը եւ գործունէութիւնը դա՛ս եւ ուսուցանելի օրինակ էր հայ ինքնութեան տէր բոլորի համար։
Ուսուցիչ, համայնքային գործիչ, բարերար, գրագէտ, պրպտող, թարգմանիչ, գիրքերու հրատարակիչ, խմբագիր. ասոնք բոլոր այն յատկանիշներն էին որոնք միանալով կերտած էին Արամ Գամպուրեանի մարդկային կերպարը եւ զայն ծառայեցուցած լրագրողական ոլորտին, կրթական կեանքին եւ ուսուցչագործութեան։
Դեռ հազիւ մէկուկէս ամիս մը առաջ իր վերջին գրութիւնը ղրկած էր թերթին, անձամբ կատարելով սրբագրութիւնները։ Յետոյ անակնկալ կերպով հիւանդացած ու տեղափոխուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց, առնուելով դարմանումի տակ։
Դժբախտաբար արագ զարգացումով մը սկսած էր ներքին գործարաններու անբաւարարութիւն, ստիպելով որ առնուի խտացեալ դարմանումի տակ։
Յաջորդող օրերը դրական գնացքով բան մը չէին փոխած։ Այսօր կէսօրուայ ժամերուն հասաւ մահուան բօթը։
Մեր վիշտը մեծ է, բայց միաժամանակ հպարտ ենք ու կը մխիթարուինք որ ունեցած ենք Արամ Գամպուրեանի նման կարգապահ եւ խղճամիտ վաստակաշատ աշխատակից մը։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com