Երեք Տնօրէնուհիներու Հարցով -
Մխիթարեանի Մատակարար Մարմինը Նպաստաւոր Որոշում Մը Ընդունեց
Վերջին ժամ
Երեք Տնօրէնուհիներու Հարցով
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի եւ վարժարանի երեք տնօրէնուհիներու պաշտօններուն վերջ տալու հարցով ստեղծուած թնճուկը, որ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին բաւական մելան հոսեցնելու հետ միասին, բանավէճերու դուռ բացաւ համայնքային շրջանակներէն ներս, հասաւ բարեյաջող հանգուցալուծման։
Արդարեւ, որպէս «Վերջին ժամ»ու զարգացում լաւ լուր մը ունինք Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքին եւ մեր համայնքին։ Մատակարար Մարմինը երկար քննարկումներէ ետք որոշեց շարունակել Տնօրէնուհիներու հետ համագործակցութիւնը եւ զանոնք թողուլ պաշտօնի գլուխ։
Մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան այս մասին խօսեցաւ Մատակարար Մարմնի Ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի հետ, որ ըսաւ որ ամէն ինչ պիտի շարունակուի նախկին ձեւով։ Որոշման մասին լուրը հիմնադիր Տօքթ. Սարգիս Սերոբի կողմէ այսօր կը յայտարարուի նաեւ վարժարանի ուսուցչաց կազմին։
Մանրամասնութիւնները մեր վաղուան թիւով։
Bu haber Normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com