Պատրիարքական Աթոռէն Նոր Հրատարակութիւն. «պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

26 Mayıs 2024  

Պատրիարքական Աթոռէն Նոր Հրատարակութիւն. «պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» -

Պատրիարքական Աթոռէն Նոր Հրատարակութիւն. «պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» Պատրիարքական Աթոռէն Նոր Հրատարակութիւն. «պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր»

Քաղաքիս մասին գծանկարներու հաւաքածոյ գեղատիպ հատոր մը հրատարակուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ։ Ծանօթ արուեստաբան, գծանկարիչ եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս Լեւոն Լաճիկեանի հարիւր գծանկարները ի մի հաւաքուեցան այս հատորին մէջ։ Մեծադիր հատորը պատրաստուած է եռալեզու՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։ Շքեղ հատորը կը բացուի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր «Քայլեր դէպի Իսթանպուլի պատմական գեղեցկութիւնները» խորագրեալ օրհնութեան խօսքով։

Ապա արուեստագէտը պատմական քաղաքիս մասին իր զգացումներն ու գիրքի մասին խորհուրդները ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ «Իմ Պոլիսը» գրութեամբ։ Քաղաքէս եւ աշխարհի զանազան կողմերէ գրողներ մասնակցութիւն կը բերեն Լաճիկեանի եւ իր արուեստի մասին իրենց տպաւորութիւններով։

Մեծադիր հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Պատրիարքական Աթոռի Հրատարակչական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Հատորի գրութիւններու թարգմանութեան գործը կատարած է Սարին Ագպաշ։ Անգլերէնի թարգմանութեան իր ներդրումը ունեցած ու անգլերէն բաժիններու սրբագրութիւնը սիրով կատարած է Արաքսի Ագտէմիր-Պիւյիւքթաշճեան։ Խորհրդատու եղած է Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Լաճիկեանի Գնալը Կղզիին հետ ունեցած յատուկ բարոյական կապը նկատի ունենալով անցեալին իրեն առաջարկած էր աշխատութիւնը ներկայացնել Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Կողքի պատրաստութիւնն ու էջադրութիւնը կատարած է Արամ Ուռուտեան։ Իսկ սրբագրութեան գործը կատարեցին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Օրմանեան Մատենադարանի Տեսուչ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հարիւր քսան եւ ութ էջնոց ու դեղնաւուն թուղթի վրայ տպագրուած գեղատիպ հատորին մէջ Լաճիկեան իր արուեստի գործերուն որպէս ներշնչում կը գտնէ Իսթանպուլը իր զանազան թաղերով ու տեսարժան վայրերով, շէնքերով, պարիսպներով, աշտարակներով, Պատրիարքարանով, եկեղեցիներով, մզկիթներով, պալատներով, գերեզմաններով եւ անշուշտ ծովով։ Ընթերցողը հատորին որպէս ներդիր պիտի ստանայ նաեւ Լաճիկեանի երեք նկարները՝ Ռումէլիի ամրոցի փառքը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մատուռը, Աքսարայի Փերթեվնիյալ Վալիտէ Սուլթան Մզկիթը, որոնք անջատ տպագրուած կը հրամցուին գեղարուեստասէր հասարակութեան։

Հատորի վերջաւորութեան կայ նաեւ Լեւոն Լաճիկեանի ընդարձակ կենսագրութիւնը։ «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» մօտիկ ապագային ժողովուրդին պիտի հրամցուի շնորհանդէսով մը։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+