​Թուրքիա Դիւանագիտական Մեծ Ցանց Մը Ունի Աշխարհի Մէջ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

02 Mart 2024  

​Թուրքիա Դիւանագիտական Մեծ Ցանց Մը Ունի Աշխարհի Մէջ -

​Թուրքիա Դիւանագիտական Մեծ Ցանց Մը Ունի Աշխարհի Մէջ ​Թուրքիա Դիւանագիտական Մեծ Ցանց Մը Ունի Աշխարհի Մէջ

Աւստրալական հետազօտական «Լոուվի» հիմնարկը հրապարակեց «Համաշխարհային դիւանագիտութեան ցուցիչ» անունով տեղեկագիրը, որ կ'ուսումնասիրէ Ասիոյ, Մեծ Քսանեակի ու «Տնտեսական համագործակցութիւն եւ զարգացում» կազմակերպութեան 66 երկիրներու տուեալները։ Նպատակն է բացայայտել աշխարհի ամենակարեւոր դիւանագիտական ցանցերը։ Հետազօտութեան համար գործածուած են երկիրներու եւ տարածքաշրջաններու պաշտօնական հաստատութիւններու տուեալները՝ 2023ի Յուլիս-Նոյեմբեր ամիսներուն։

Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է երկիրներու արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններու քանակութեան հիման վրայ։

Երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Չինաստան, որուն կը յաջորդէ Ամերիկա։ Երրորդ տեղի վրայ Թուրքիան է, ամբոջ աշխարհի տարածքին 252 դիւանագիտական ներկայացուցչութեամբ։ Թուրքիոյ կը յաջորդեն Ճաբոն, Ֆրանսա եւ Ռուսաստան։ Միջանկեալ կերպով նշենք որ Թուրքիա 2021էն ետք բացած է 11 օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւն, մեծամասամբ Արեւելքի ու Ափրիկէի մէջ։ Դիւանագիտական ցանցի մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ։

Յիշեցնենք որ 2002ին Թուրքիա ունէր 163 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, իսկ 2024ի տուեալներով այդ թիւը հասած է 261ի։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+